Րաֆֆի Տուտագլեան
Տեառնընդառաջէն քանի մը օր առաջ ընկերներէս մէկը առաջարկեց ընտանիքներով երթալ Լոռի, Թիւֆէնքեան Աւան Ձորագէտ հիւրանոցը, միասին տօնելու համար հայկական հին այս տօնը եւ միաժամանակ, մէկ օր ետք նշելու արդէն իսկ միջազգայնացած Վալընթայնի օրը։ Հեռաձայնեցինք այլ ընկերներու եւ քիչ ժամանակ անց, արդէն ցանկի վրայ ունեցանք ինը ընտանիք, ծնողք ու զաւակներ միասին առած՝ 42 հոգի։
Ուրբաթ, 12 Փետրուարին, ինքնաշարժներու շառասիւնը շարժեցաւ դէպի Լոռի։ Առաջին կանգառը Ապարանն էր, Գնթունիք փուռ-խանութը, ուրկէ թոնիրի տաք հաց ու հայկական պանիր գնեցինք, ապա շարունակեցինք ճամբան դէպի Ձորագէտ։ Երեկոյեան հասանք հիւրանոց ու սենեակներու բանալիները ստանալէ եւ ապրանքները տեղաւորելէ ետք հաւաքուեցանք ճաշարան՝ միասնաբար ընթրելու։ Խումբին մէջ էին Հայաստանէն արտագաղթած ու տասնամեակ մը ետք հայրենիք վերադարձած ընտանիք մը, Գանատայէն Հայաստան տեղափոխուած չորս ընտանիք, Ամերիկայէն եկած երկու, իսկ Լիբանանէն եւ Անգլիայէն մէկական ընտանիք։ Հայաստանցի ու լիբանանահայ, գանատահայ ու պարսկահայ-անգլիահայ, ամերիկահայ ու կիպրահայ՝ աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած էինք հայրենի հողին վրայ ու դարձած այս երկրի զաւակները։ Մեր մէջ կային դաշնակցականներ ու ռամկավարներ, չէզոքներ ու բարեգործականներ, գաղափարական տարբեր պատկանելիութեամբ մարդիկ։ Ոմանք եկած էին 10-15 տարի առաջ, իսկ վերջին հայրենադարձը՝ ընդդամէնը վեց ամիս առաջ։ Մէկը գործարար էր, միւսը՝ ընկերութեան տնօրէն, կար գինեգործ, կար կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող հասարակական գործիչ, կային հեռախօսային մեծ ընկերութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ամերիկեան համալսարանի դասախօսներ, երգիչ ու ֆինանսական մասնագէտ։ Տարբեր ենթահողերէ ու ցամաքամասերէ եկած հայերուս համար ամէնէն մեծ գաղափարը հայրենիքն էր՝ Ազատ ու Անկախ Հայաստանը, մեր ՏՈՒՆը։
Տեառնընդառաջի գիշերը ընթրիքը շատ աւելի ճոխ կազմակերպուած էր, իսկ «ՎանԱրդի» գինիներու սեփականատէրը՝ գինեգործ Վարուժանը, իրեն հետ հայկական առատ ու համեղ գինի բերած էր։ Բնական է, որ գլուխները շատ աւելի արագ պիտի տաքնային, եւ արծարծուող նիւթերն ալ պիտի դառնային նոյնքա՛ն թէժ ու հետաքրքրական։ Նոր սահմանադրութիւն, նոր՝ համախոհական կառավարութիւն, սուրիահայութեան արտագաղթ դէպի Գանատա, տնտեսական վիճակ, Եկեղեցւոյ բարեփոխման հարցեր, Արցախ ու Տեառնընդառաջ՝ խառնեցինք իրար։ Եւ այսպէս՝ թեր ու դէմ կարծիքներ, յուսատու միտքեր ու յուսախաբ ընող փորձառութիւններ, հակադիր կեցուածքներ ու մերթ ընդ մերթ խաչուող տեսակէտեր։ Մէկ բան յստակ էր սակայն… բոլորիս համար նպատակը մէկ էր՝ ուժեղ եւ զարգացած երկիր՝ մեր երեխաներու փայլուն ապագային ի խնդիր։ Այս բոլորին հետ՝ կենացներ, երգ ու պար, մեր չորսդին վազվզող վարվռուն, ազատ ու երջանիկ երեխաներ, մէկ խօսքով՝ իսկական հայկական քէֆ…
Աւելի ուշ, մեծով ու փոքրով հաւաքուեցանք հիւրանոցի բակը եւ խարոյկին շուրջ շարունակեցինք երգն ու պարը։
– Ասկէ աւելի լաւ Տեառնընդառաջ, ասկէ աւելի լաւ հայկական խնճոյք չի կրնար գոյութիւն ունենալ,- ըսաւ Մոնթրէալէն 5 տարի առաջ Հայաստան տեղափոխուած Սեւակը։ Իսկ Ամերիկա մեծցած, բայց Հայաստանը իր տունը դարձուցած Մատլէնը Դիմատետրի իր էջին վրայ անգլերէնով ըրաւ հետեւեալ գրառումը, որ իրականութեան մէջ՝ մեր բոլորին սրտի խօսքն էր.
«What՛s on my mind? 40+ Armenians who believed in this country enough to build a life here- care to join us? We are waiting for you!» («Ի՞նչ կայ միտքիս մէջ. 40է աւելի հայեր, որոնք բաւականաչափ հաւատացին այս երկրին՝ իրենց կեանքը այստեղ կառուցելու համար։ Չէ՞ք ուզեր միանալ մեզի։ Մենք կը սպասենք ձեզի»)։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
So the only reason why all of you are friends is because you live in Armenia? How is that a good thing? And also, check your privilege. Not everyone has money streaming in from the U.S or Canada and can live comfortable lives in Armenia.
I am really so happy to read such articles , it makes all of our existence worth living longer and visiting the motherland more often ,to late to move . You there is saying in Armenian goes like this (pari nakhants) .Bravo Sevag Tamar and company.
Hyanalee,yes al bidi ouzayee myanal tzez!
Keep it up,let your 42 become 420 and so on.
I visit armenia almost every year.
Any plans in September or October ?
I wish I can settle in my homeland.
For the time being,I’ll keep it up with my visits.
I hope you will be in touch,
Sirov,sona