ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այլեւս ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք է, որ նախագահ Էրտողան «պատերազմ» հռչակած է Սահմանադրական ատեանին դէմ, «Ճումհուրիյէ»չի խմբագիրներ Ճան Տիւնտարն ու Էրտեմ Կիւլը ազատ արձակելու վճիռին պատճառով։ Իր սահմանները յարգելու կապակցութեամբ Էրտողանին յղուած Սահմանադրական ատեանի նախագահ Զիւհթիւ Ասլանի անուղղակի կոչին հակադարձելով՝ Էրտողան յայտարարեց, որ ո՛չ թէ ինք, այլ Սահմանադրական ատեանն է, որ ոտնակոխած է երկրին սահմանադրութիւնը՝ պնդելով, թէ իր արձակած վճիռով ատեանը միջամուխ եղած է Տիւնտարի եւ Կիւլի դէմ բացուած դատական գործընթացին։
Էրտողան ըսաւ նաեւ, որ հոս խնդրոյ առարկայ է պետական դաւաճանութեան հարց մը, որովհետեւ հետախուզութեան ծառայութեան կողմէ Սուրիոյ թիւրքմէններուն ուղղեալ օժանդակութիւնը բացայայտուած է, եւ այդ պատճառով ալ կարելի չէ ըսել, թէ խօսքի ազատութեան հարց կայ։