– Թուրքիոյ նոր խորհրդարանին մէջ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբեր չեն ստեղծուած Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ:
– 2014-15ին, առնուազն 16,000 երեխաներ զինուորագրուած են՝ կռուելու համար Հարաւային Սուտանի մէջ։
– Մինչ Լոս Անճելըսի բնակիչ մը միջին հաշուով օրական 107 կալոն ջուր կը սպառէ, Պել Էրի բնակիչի մը պարագային՝ այդ թիւը 32,000ի կը բարձրանայ։
– 24 տարի շարունակ նիճերիացի մը իբրեւ ստրուկ աշխատցուցած բրիտանացի ամոլ մը, 12 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ անցեալ Դեկտեմբերին։