ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ մէջ, յառաջիկայ Ապրիլ 6ին պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուի «թուրքերու եւ հայերու 800ամեայ համատեղ մշակոյթը»:
Թրքական «Հապերսթար» լրա-տուական կայքը կը գրէ, թէ ցուցահանդէսը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ նախաձեռնութիւնն է եւ կը կրէ՝ «Ոչ թէ մոռնալու, այլ՝ յիշելու ժամանակը» խորագիրը։
Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ 1895-1914 թուականներուն տպագրուած եւ Պոլսոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի (Անատոլիա) հայերուն կենցաղը նկարագրող աւելի քան 4000 բացիկներ, ինչպէս նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներէն փաստաթուղթեր: Բացիկները տրամադրուած են Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի կողմէ, որ ունի օսմանեան բացիկներու ամենամեծ արխիւը:
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ ճարտարապետ Սինանի անուան գեղարուեստի համալսարանին մէջ. անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան յայտնի հայ երաժիշտ Արա Տինքճեան եւ Պոլսոյ թրքական պետական համոյթը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 29: