ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 4ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, վերջին երկու օրերուն ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ու յայտնեց, թէ «Ողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Ղարաբաղի կողքին եւ միակամ ոգիով, կամքով ու հաւատքով պատրաստ է օժանդակելու Ղարաբաղին՝ ամէն իմաստով»:
Հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին նախագահը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին օրերուն կատարուած զինուորական գործողութիւններուն եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին: Ան մեծապէս գնահատեց Սփիւռքի հայութեան ցուցաբերած ամուր զօրակցութիւնը Ղարաբաղին:
Վեհափառը, իր կարգին, ջերմօրէն ողջունեց Ղարաբաղի մեր արի զինուորներուն քաջութիւնն ու մարտունակութիւնը:
Նշենք, որ Կիրակի, Ապրիլ 3ի առաւօտեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Ապրիլ 1-2ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Ատրպէյճանի դաւադիր յարձակումներուն զոհ գացած նահատակ հերոս զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն հոգիներուն համար:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց հոգեհանգիստի արարողութեան՝ իր շուրջը ունենալով կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը:
Նախքան հոգեհանգիստը, կաթողիկոսը ներկայ հաւատացեալներուն խօսելով՝ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ նման դէպքեր միշտ ալ յիշեցում եղած են մեր միասնականութիւնը ամրապնդելու՝ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ոգիով: Այսօր, այս դժուար պայմաններուն տակ, Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին զօրավիգ կանգնիլը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, եւ մենք գործնապէս պէտք է արտայայտենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց աղօթելու մեր նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի հզօրութեան, խաղաղութեան ու մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար: