ԿԱՐՕ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան եւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան հանրային կապի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 4ին «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք՝ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հայրերուն մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ Խաչիկ Հաւաթեան, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն միացնելու գաղութի բոլոր ուժերը՝ նեցուկ կանգնելու համար հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին, այս դժուարին պահուն:
Ապա բեմ հրաւիրեց Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը, վարելու համար սոյն ժողովը: Վերջինս շատ հանգամանալից ներկայացնելով ներկայ իրավիճակը, դիմեց ժողովին՝ հապճեպ կերպով յանձնախումբ մը կազմելու՝ գաղութի կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ, որ պատշաճ ձեւով ղեկավարէ ժողովին ընթացքին որոշուած հետեւեալ կարեւոր քայլերը.
- Հաղորդակցիլ տեղի քաղաքական եւ պետական նահանգային ներկայացուցիչներուն հետ, քարոզչական աշխատանք տանելու նպատակով:
- Հաղորդակցիլ տեղական լրա-տուական կայաններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, լուսաբանելու համար մամուլով թոյլ տրուած ապատեղեկատուութիւնները եւ հաստատելու ատրպէյճանական նախայարձակ բանակի ոտնձգութիւնները:
- Կազմակերպել դրամահաւաք Ֆրեզնոյի համայնքէն ներս՝ նիւթական շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու, սատար կանգնելու համար հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին:
Սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, ժողովի աւարտին արդէն իսկ հաւաքուած էր 12,000 տոլար: