ՍԷՍԻԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, Մարտ 20ի երեկոյեան, Արա Նաճարեանի ի պատիւ դրամահաւաք մը տեղի ունեցաւ Սիլվա Չաքմաքճեանի Կլենտէյլի բարձունքին թառած բնակարանին մէջ: Ճաշկերոյթ-հաւաքը մէկտեղած էր հայ հոծ հասարակութիւն մը:
Գնահատելի է ամերիկեան կառավարութեան մէջ իրենց թեկնածութիւնը դրած հայորդիներուն ի նպաստ կայացած այս դրամահաւաքը, ինչպէս կ՛ընեն նաեւ ուրիշ ազգեր, ի մասնաւորի՝ հրեաները:
Համադամ ճաշեր, շքեղօրէն զարդարուած սեղաններ, անթերի սպասարկութիւն՝ բոլորը տպաւորիչ էին, անտարակո՛յս: Այս բոլորը Սիլվա Չաքմաքճեան կտարած էր սիրով եւ համեստութեամբ:
Կ՛արժէ յիշել Սիլվայի տղուն՝ Մայքըլի, գերգնահատելի ու երկար ամիսներու վրայ երկարած շինարարարութիւններն ու open-space բարեկարգումները՝ այս բնակարանէն ներս… Կլենտէյլ քաղաքը, հեռուէն, ամբողջութեամբ սփռուած էր մեր ոտքերուն ներքեւը։
Կը գնահատենք ու կը շնորհաւորենք Սիլվա Չաքմաքճեանը, Արա Նաճարեանի Լոս Անճելըսի Supervisor-ի թեկնածութիւնը յաջողութեամբ պսակելու իր ճիքին համար:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Արա Նաճարեանին:
Եթէ մենք չօգնենք մեր ազգակիցներուն, ապա ո՞վ պիտի օգնէ: Եթէ ո՛չ հիմա, ապա ե՞րբ…