ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ամերիկացի աշակերտուհիներէս մէկը՝ Մատի անունով մօտեցաւ ինծի եւ հպարտութեամբ յայտնեց, թէ իր հայրը վերջերս մանկական գիրք մը հրատարակած է: Կարծես ան քաջատեղեակ էր, որ ես ալ իր հօրը նման մանկագիր մըն եմ, եւ կ՛ուզէր ամէն գնով իմ ուշադրութիւնս գրաւել:
Բնականաբար, ան յաջողեցաւ իր նպատակին մէջ, երբ ես խանդավառուած՝ սկսայ հարցեր տալու իր հօրը գրական աշխատանքներուն մասին: Հետաքրքրութիւնս այնքա՛ն անկեղծ էր, որ ի վերջոյ խնդրեցի իրմէ, որ յաջորդ դասապահուն օրինակ մը բերէ այդ գիրքէն: Քանի մը անգամներ մոռնալէ ետք, Մատի անցեալ շաբաթ դասարանէն ներս դիմաւորեց զիս՝ հօրը հրատարակած գիրքը ձեռքին, մեծ ժպիտ մըն ալ երեսին:
Անմիջապէս առի գիրքը ու սկսայ թղթատելու: Սակայն այնքա՛ն անհամբեր էի ամբողջութեամբ կարդալու, որ փափաք յայտնեցի միւս աշակերտներուն, թէ դասի սկսելէն առաջ կ՛ուզեմ բոլորին կարդալ իրենց դասընկերուհիին հօր հրատարակած նոր գիրքը: Անշուշտ բոլոր աշակերտները ուրախացա՛ն: Շրջանակ մը կազմելով՝ անոնք նստան գորգին վրայ ու մեծ հաճոյքով սկսան լսելու ընթերցումս:
Գիրքին վերնագիրն էր «Ուրախացի՛ր, Հայրդ Ութոտնեայ Չէ՛»: Վերնագիրէն յայտնի էր արդէն, որ զուարճալի պատմութեան մը կը սպասուէր: Գիրքին հերոսը կ՛երեւակայէր, թէ իր հայրը եթէ շուն ըլլար, զինք համբուրելու համար իր երեսները պիտի լզէր, եթէ ան կրիայ մը ըլլար, ամէն ինչ դանդաղ պիտի ընթանար… եւ այսպէս, պատմութիւնը շարունակուեցաւ «եթէ»ներու շարքով, կենդանիներու տեսակներով եւ սրամիտ նկարագրութիւններով:
Հաճելի էր թէ՛ կարդալ, եւ թէ տեսնել փոքրիկներուն ծիծաղները: Սակայն քանի վայրկեան ետք մտածումներու մէջ խեղդուեցայ…
Մտածեցի… «Ես ալ մանկագիր մըն եմ, հրատարակած եմ շարք մը գիրքեր, բայց ինչո՞ւ ես ալ իրեն նման չեմ կրնար գրել գիրք մը, ուր պզտիկ մը երեւակայէ, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ իր հայրը շուն ըլլար, կամ կրիայ, կամ մեղու, կամ լոր, կամ ուրիշ կենդանի մը։
Վերջին գիրքիս մէջ, տիպարներս նոյնպէս երեւակայութեան ուժ տուած էին, բայց անոնք երեւակայած էին դառնալ թղթակիցներ, որպէսզի հարցազրոյց մը ունենան Արարատ լերան հետ։ Նախավերջին գիրքիս մէջ, անոնք Անմոռուկ մը տեսած էին պարտէզին մէջ եւ Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծած էին իրենց մօրը հետ: Ուրիշ գիրքի մը մէջ, տիպարներէս մէկը երազած էր անջրպետ երթալ, եւ հոն աշխարհը հեռուէն դիտելով՝ նկատած էր, թէ Երկիր մոլորակը աւելի գեղեցիկ է հեռուէն, որովհետեւ պատերազմներ կարելի չէր տեսնել. այդ պատճառով ալ մերժած էր վերադառնալ երկիր: Այլ գիրքի մը մէջ, հերոսներէս մէկը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ պալատը կը փնտռէր, եւ ի վերջոյ կը համոզուէր, որ իր համեստ տունը, իր հայրենի հողին վրայ, ամէնէն գեղեցիկ պալատն է: Իմ գիրքի հերոսներս նամակներ գրած էին Տիգրան Մեծին եւ մարմաջ յայտնած, որ դարձեա՛լ իրեն նման հզօր թագաւոր մը ունենան ու հսկայ կայսրութիւն մը, որպէսզի վերջ դրուէր մեր ժողովուրդի ցաւերուն:
Արդեօք ե՞ս ալ հիմա տարբեր նիւթեր ընտրեմ գիրքերուս համար… Հայ մանուկին կամ պատանիին համար գիրք մը հրատարակեմ հազար դժուարութիւններէ եւ խոչընդոտներէ ետք, եւ նիւթը, օրինակի համար, ըլլայ գետինը թափուած կաթի՞ մը մասին, կամ մեծ քիթով պզտիկի՞ մը, կամ անօթի որդի՞ մը:
Երանի՜… Բայց չե՛մ կրնար: Գրականութիւնը ժողովուրդի մը մշակոյթին մեծ մասը չէ միայն, այլեւ՝ ինքնութեան հայելին:
Չէ՛, պէտք է ես ամէն գնով ոսկի առիթը օգտագործեմ, որպէսզի գունազարդ պատկերներով թափանցեմ հայ մանուկի հոգիէն ներս, կատարեմ հայապահպանման քարոզչութիւնս, որովհետեւ այդ մէկը կենսական է մեզի համար, Սփիւռքի տարածքին:
Երեւակայեցէք, թէ օր մը Հայաստան այցելեմ, կամ առանց հեռու երթալու՝ հայկական տեղական դպրոց մը այցելեմ ու պատմեմ իմ գիրքերուս մասին. կրնա՞մ առանց ամչնալու ըսել, թէ իմ գիրքս (ինչպէս մեծ ժողովրդականութիւն գտած ամերիկեան մանկական գիրքերը) կը խօսի պզտիկի մը մասին, որ կ՛երեւակայէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ իր հայրը այս կամ այն տեսակ կենդանի մը ըլլար, կամ՝ մեծ մօր մասին, որ ճանճ մը կլլած էր… Պիտի խնդան փոքրիկները, պիտի զարմանան մեծերը, իսկ ես պիտի կորսնցնեմ առաքելութիւնս:
Աստուա՛ծ իմ, մէկ երկինքի տակ որքա՛ն տարբեր աշխարհներ, որքա՛ն տարբեր մտայնութիւններ, մանաւանդ՝ տարբեր հոգեբանութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ՝ հայ եւ օտար մանկագիրներու… Ամերիկացի մանկագիրը ի՞նչ նպատակ պիտի հետապնդէր, եթէ ոչ միայն զուարճացնել փոքրիկ ընթերցողը, թէկուզ՝ փոքր պատգամ մըն ալ փոխանցելով: Ամերիկացի մանկագիրը պէտք չունէր պայքարելու հսկայական ալիքներու դէմ, ըլլան անոնք ազգային կամ ազգը յուզող այլ հարցեր: Ամերիկեան բոլոր լրատուական միջոցները հիմնուած են զուարճանքի (entertainment) վրայ, ուր մնաց՝ մանկական գիրքերը…
Ես ալ արդեօք կ՛ուզէի՞ գրել կատակներով լեցուն գիրքեր, եւ եթէ գրէի, արդեօք աւելի ժողովրդականութիւն պիտի ստանայի՞, թէ այդ քանի մը հոգին, որոնք իմ գիրքերս կը գնահատեն, անոնք եւս պիտի հրաժարէին ինձմէ՝ պատճառաբանելով, որ «խենթ» բաներ կը գրեմ:
Տեսնենք, թէ օրերը ի՛նչ պիտի բերեն, եւ մեր մատղաշ սերունդի գրադարաններուն համար ինչպիսի՛ գրականութիւն առաջնահերթութիւն պիտի դառնայ օր մը:
Բայց կը մտածեմ նաեւ, որ արդեօք պէ՞տք է շարունակեմ հայերէն լեզուով գրել, բաւարար ընթերցող ունի՞մ, եւ եթէ ունիմ՝ պէ՞տք է գրեմ միշտ պատնէշի վրայ, պայքարելով օտարացման ուժերուն դէմ, թէ ոչ հայկական ինքնութեան կաշիներս պատռելով՝ ես ալ սկսիմ ընտրելու տարբեր թեմաներ, որոնք կապ չունին մեր պատմութեան կամ մշակոյթին հետ: Պէ՞տք է փորձեմ…
Կը մտածե՜մ ու կը մտածեմ…
Եթէ մեր հայկական գիրքերը գնահատուին, ինչպէս օտարները կը գնահատեն իրենց մանկագիրները, եւ իբրեւ արդիւնք՝ հարիւրաւոր գիրքեր հրատարակուին, ապա ճերմակ ջարդը չի սպառնար վերացնել մեր ազգը, եւ թերեւս հայ մանկագիրներն ալ սկսին գրելու գիրքեր՝ հետեւելով այդ ամերիկացի գրողի ուղիին: