ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մայիս 11 թուակիր յայտարարութեամբ մը, Հայ իրաւաբանական միութեան Հայ իրաւանց դէտ յանձնախումբը անդրադարձած է Մայիս 2ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութեանց շուրջ խորհրդակցութիւններու ընթացքին՝ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին վրայ կատարուած յարձակումին, լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ յարձակումը կատարուած է յատկապէս անոր հայ ըլլալուն պատճառով։
Կը շեշտուի, թէ յատկապէս յարձակումին վայրը եւ ցուցաբերուած ատելութիւնը կը հաստատեն, թէ յարձակումը խորհրդարանական պարզ վէճէ մը ծագած բախումէն աւելի՛ խոր դրդապատճառներ ունի եւ ծնունդ առած է այն նոյն թոյնէն, որուն զոհ գացած էր հայութիւնը հարիւր տարի առաջ։ Յայտարարութիւնը զուգահեռներ կը գծէ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ «գայլերու որջին մէջ իրականութիւնը արտայայտող անձին դէմ՝ վոհմակին իրականացուցած յարձակումին» միջեւ։
Մատնանշելով, որ այս միջադէպը դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա որքա՜ն հեռու է եւրոպական չափանիշներէն՝ յանձնախումբը կը շեշտէ, որ անիկա նաեւ ոտնակոխում է Լօզանի դաշնագիրով երաշխաւորուած հայ փոքրամասնութեան տարրական իրաւունքներուն։
«Անշո՛ւշտ, տեղի ուեցածը ատելութեան հիման վրայ հիմնուած ոճիր մըն է, բայց աւելի՛ն՝ անիկա միայն մէկն է միջազգային համայնքի կրաւորական կեցուածքին պատճառով շարունակուող մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումներէն, որոնք կը քաջալերուին Թուրքիոյ հանրապետրութեան կողմէ՝ ի՛ր իսկ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայերուն դէմ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ապա, խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ կառավարութեան՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը շեշտէ, որ Կարօ Փայլան միայն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած երեսփոխան մը եւ Լօզանի դաշնագիրով ու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դաշինքով պաշտպանուած անձ մը չէ պարզապէս, այլ՝ իր երակներուն մէջ այդ երկրի հողերուն բնիկ ժողովուրդին արիւնը կրող մը, որուն նախնիները հոն ապրած էին՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատումէն շա՛տ առաջ։
«Իրականութիւնը անհերքելի՛ է։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հիմնուած է այս ժողովուրդէն խլուած հարստութիւններով», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որ կ՛աւելցնէ, թէ Կարօ Փայլանի վրայ այս վերջին յարձակումը պիտի չկարենայ իրականութիւնը ծածկել։
Աւարտին, շեշտելէ ետք, որ աննկուն կերպով զօրավիգ կը կանգնի Կարօ Փայլանին՝ Հայ իրաւաբանական միութեան Հայ իրաւանց դէտ յանձնախումբը կը պահանջէ հետաքննութիւն բանալ, բացայայտելու համար այս յարձակումին պատասխանատուներն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան դերակատարութիւնը այս յարձակումին մէջ։