Մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 116րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Լսարանին նիւթն էր «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը», իսկ զեկուցաբերը՝ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան: Ան ողջունեց ներկաները, կարեւոր նկատեց նման լսարաններու կազմակերպումը, ապա ներկայացուց իր կողմէ հիմնադրուած «Անի» կեդրոնի վեց հրատարակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն հինգ ականաւոր դաշնակցական գործիչներու՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Վահան Նաւասարդեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արշակ æամալեանի եւ Ռուբէն Դարբինեանի աշխատութիւնները՝ իւրաքանչիւրը առանձին հատորով, նաեւ հինգը՝ մէկ հատորի մէջ: Այս գործերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն հրատարակուած, իսկ անոնցմէ Արշակ æամալեանի հատորը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով: Թ. Յակոբեան նշեց, որ հինգ գործերը հայ քաղաքական միտքի պատմութեան ամէնէն խորքային եւ վիճելի գործերէն կը նկատուին:
Ապա, անդրադառնալով ներկայացուելիք տեսանիւթին՝ Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ ան նկարահանուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Թաթուլ Յակոբեան պատերազմի առաջին օրէն գտնուած է Արցախ, լուսաբանած է իրավիճակը այնպէս, ինչպէս ինք տեսած է առանց գրաքննութեան, առանց իշխանութիւններուն հետ հակադրուելու:
Ներկաները դիտելէ ետք Յակոբ Մանուկեանի եւ Թաթուլ Յակոբեանի ժապաւէնը, որ կը կրէր «Արցախեան Ապրիլ» խորագիրը, իրենց հարցումները ուղղեցին լրագրողին, որ իր կարգին սպառիչ պատասխաններով լուսաբանեց զիրենք:
Տեսանիւթը կը ներկայացնէր արցախեան քառօրեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններուն, Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծի, հայ դիրքապահներու, թիրախ դարձած հայկական գիւղերուն մասին տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ:
Թ. Յակոբեան ըսաւ, որ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական բանակի առասպելը փուլ եկած է: Այս պատերազմին հաստատուած է, որ ամէնէն արդիական զինուժով հարցեր չեն լուծուիր, յաղթանակներ չեն տարուիր, որովհետեւ կրնան չհամապատասխանել իրականութեան:
Լրագրողը յայտնեց, որ արցախեան բանակը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն եւ փորձութիւն՝ դիմացաւ, շփման գիծի երկայնքով կրցաւ հակայարձակման անցնիլ եւ վերատիրանալ կորսուած որոշ դիրքերու:
Ան կոչ ուղղեց չթերագնահատելու թշնամիին ուժը, այլ լաւապէս սերտելու եւ ճանչնալու անոր կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել մարտավարութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւններու բացայայտման մէջ պէտք է ըլլալ զգօն, որովհետեւ երբեմն այդ բացայայտումը կրնայ օգտակար հանդիսանալ թշնամիին: