ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ 1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ԾԱԽՍՈՒԻ ՔԱՍԱԽԵԱՆԻ ԴԷՄ ՍՈՒՏ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԻՆ ՀԱՄԱՐ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Արտաշէս «Արտի» Քասախեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավարի օգնական եւ խորհրդարանի Արհեստագիտութեան ու նորարարութեանց համախմբումի համանախագահ Էվըն Լօ Մայիս 17ին որոշած է զօրակցիլ Քասախեանի ընտրապայքարին:
Լօ իր այս քայլով ձայնը կը միացնէ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի ներկայ եւ նախկին անդամներուն, որոնք կը զօրակցին Քասախեանին։ Անոնց շարքին են՝ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լիոն, խորհրդարանի պատուոյ նախագահ Ճան Փերեզ, խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Իան Քալտերոն, խորհրդարանի անդամ Լորենա Կոնզալես եւ խորհրդարանի նախկին անդամներ Ճեքի Կոլտպըրկ, Տարիօ Ֆրոմըր ու Փօլ Գրիգորեան։
«Արտի Քասախեան միշտ առաջնորդող եղած է յառաջդիմական հարցերու ջատագովման մէջ, եւ վստահ եմ, որ անոր հետ միասնաբար պիտի կարենանք կրթական շարք մը հարցեր լուծել ու աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծել յատկապէս արդի արհեստագիտութեան մարզէն ներս», ըսած է Լօ։
Նաեւ, բանուորական «Թիմզթըրզ» միութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի Հանրային յարաբերութեանց խորհուրդը, որ կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 250,000 աշխատաւորներ ու անոնց ընտանիքները, որոշած է զօրակցիլ Քասախեանի ընտրապայքարին։ Աւելի կանուխ, «Թիմզթըրզ»ի 42րդ շրջանի միութիւնը եւս որոշած էր աջակցիլ Քասախեանին։
«Նուազագոյն ժամականը 15 տոլարի բարձրացնելու պայքարը արդէն իսկ իրականութիւն է։ Իբրեւ ձեր երեսփոխանը, պայքարը պիտի շարունակեմ՝ Քալիֆորնիոյ աշխատաւորներուն վիճակը բարելաւելու նպատակով», կը յայտնէ Քասախեան։
Շարք մը այլ միութիւններ եւս որոշած են աջակցիլ Քասախեանին, որ ապահոված է նաեւ քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի մեծ թիւով պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ դեմոկրատական շարք մը կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը՝ աւելի քան 600,000 տոլարի նիւթական յատկացումներու կողքին:
Նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 7ին:
Մինչ այդ, Քասախեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ պետական վարժարանները սեփականացնելու գաղափարին ջատագովներու կազմակերպութեան մը գլխաւորութեամբ, մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլար կը ծախսուի Քասախեանի մրցակից Լորա Ֆրիտմընի ընտրապայքարին ի նպաստ, որ միաժամանակ Քասախեանի մասին սուտ տեղեկութիւններ կը տարածէ։ Այս հակաքարոզչութեան նկատմամբ մտահոգութիւն արտայայտած են ոչ միայն Քասախեան, այլեւ՝ 43րդ ընտրատարածքի այլ պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան նախագահ Սթիւ Զիմըր, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Քրիսթին Ուոլթըրզ եւ Արեւելեան շրջաններու յառաջդիմական դեմոկրատներու ղեկավար Հանս Ճանսըն։
Ներկայիս, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարի պաշտօնը վարող Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել
www.ArdyforAssembly.com կայքը: