
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմզ Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրէ (Ֆրանսա) Մայիս 31ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, իսկ Յունիս 2ին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ իրենց ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւն մը տարածած են: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ համանախագահները յայտարարութեան մէջ նշած են, թէ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է Վիեննայի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած գագաթնաժողովի որոշումներուն կեանքի կոչման հարցը:
«Նախարարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով: Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են փաստաթուղթեր՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին լիազօրութիւնները ընդլայնելու եւ ԵԱՀԿի հետախուզական համակարգներ հաստատելու: Նախարարները հաստատած են նաեւ նախագահներուն համաձայնութիւնը՝ Յունիսին բանակցութիւններու յաջորդ փուլը իրականացնելու շուրջ, նպատակ ունենալով վերսկսիլ համապարփակ կարգաւորման բանակցութիւններու», կ՛ըսուի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: