ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Մայիս 22ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ հաւաքուած մօտաւորապէս 600 հիւրեր մասնակցեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկի 11րդ տարեդարձի տօնակատարութեան։
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի հովանիին տակ, ներկայութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի փոխնախագահ Մայքըլ Քուիքի եւ համալսարանի «Տորնսիֆ» բաժանմունքի ժամանակաւոր տնօրէն Տենի Պիրտի։
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ հիմնարկի գործունէութիւնը եւ ներկայացուեցաւ ապագայի նորարարական տեսլականը, որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ յետ-եղեռնեան հարցերու շուրջ ուսումնասիրութիւններու, որոնք պիտի առնչուին, օրինակի համար՝ Հայկական Սփիւռքին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անշուշտ՝ Արցախին։
Հաւաքը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու իր հաստատումէն ի վեր հիմնարկին նեցուկ կանգնող անձնաւորութիւնները։
Հիմնարկի «Կտակի Մրցանակ»ը շնորհուեցաւ տէր եւ տիկին Ճերըլտ եւ Փըթրիշիա Թրբանճեաններուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ համալսարանէն ներս հաստատուած են երկու ամպիոններ՝ Ժամանակակից հայագիտութեան, որուն վարիչն է փրոֆ. Ռիչըրտ Անթառամեան, եւ Քաղաքացիական ընկերութեան ու ընկերային բարեփոխման, որուն վարիչն է Մանուէլ Փասթոր։ Մրցանակը՝ Մայքըլ Արամի «Իմաստութեան Ծառ»ը, յանձնուեցաւ փրոֆ. Անթառամեանի ձեռամբ։
Իր կարգին Սարա Զարուհի Չիթճեան, որ հիմնարկին մէջ հաստատած է Յետ-եղեռնեան ուսումնասիրութիւններու Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հիմնադրամը, ստացաւ «Ժառանգութեան մրցանակը», համալսարանի Հայագիտական հիմնարկի Ակադեմական խորհուրդի անդամ փրոֆ. Տան Միլըրի ձեռամբ։
Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի անդամ եւ համալսարանի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան բաժանմունքի պատուոյ դասախօս եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր տնօրէն դոկտ. Միհրան Աղպապեան ստացաւ հիմնարկի «Նուիրումի Մրցանակ»ը, փրոֆ. Տեն Մազմանեանի ձեռամբ։
Համալսարանի Հայագիտական հիմնարկին նեցուկ կանգնելու համար հիմնադրամներ հաստատած 11 ընտանիքներէն ինն ներկայ էր ձեռնարկին, եւ անոնք մեծարուեցան իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Անոնք են՝ Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեան, Վահէ Կարապետեան, Կարօ եւ Կալիա, Ճերըլտ եւ Ալին ու Տիգրան եւ Անտրէա Քասապեաններ, Մայքըլ եւ Վըրճինիա Գազանճեան, Ճեք եւ Թալին Քոֆտարալեան, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, Շերըլ եւ Հերի Նաճարեան, Ալիս Նաւասարգեան ու Սավի եւ Ռալֆ Թիւֆէնքեան։
Ապա, ներկաները դիտեցին հիմնարկի գործունէութեան եւ համալսարանին ու հայութեան միջեւ կապերուն նուիրուած երեք կարճ ֆիլմեր։
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Լոռի Մունչերեան եւ Տայէն Քապրալոֆ, իսկ բարի գալուստ եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ, հիմնարկի հիմնադիրներէն եւ իր ընտանիքին հետ միասին հիմնարկի առատաձեռն նուիրատուներէն՝ Չարլզ Կալեան, դրուատելով հիմնարկին եւ ընդհանրապէս Հայկական Սփիւռքին համար կենսական այլ հաստատութեանց նեցուկ կանգնողներուն նուիրումը։
Իր կարգին, Հայագիտական հիմնարկի վարիչ Սալբի Ղազարեան խօսեցաւ հիմնարկի բարոյական եւ մտաւորական պատասխանատուութեանց մասին, իսկ Մայքըլ Քուիք ու Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան շեշտեցին հիմնարկին կարեւորութիւնը՝ սփիւռքահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ծառացող հարցերու դիմագրաւման համար։
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները վայելեցին Կրեկ Հօշարեանի, Սիրանոյշ Սանտալճեանի, Նորմըն Լուտվիքի եւ Ճորճ Պիլէզիքճեանի գեղարուեստական կատարումները։