ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մայիս 24ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպած տարեկան «Քոչելեան» համերգի ամբողջ հասոյթը որոշուած է յատկացնել ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին։
Նշենք, որ Արցախի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումին ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն վերաշխուժացուցած էր «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը։
«Յատկապէս այս պահուն, կենսական է աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի ժողովուրդին, եւ համալսարանական ուսանողները կրնան կենսական դեր խաղալ այս արշաւին մէջ։ Նահատակ զինուորներու ընտանիքները զգացական եւ նիւթական հսկայ կորուստներ ունեցած են, իսկ մեր նպատակն է ձեւով մը անոնց օժանդակութեան ձեռք երկարել, անոնց դիմագրաւած դժուարութեանց դէմ դնելու համար», կը յայտնէ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան արտաքին հարցերով փոխնախագահ Արեւ Յովսէփեան։
«Ֆաուլըր» բացօթեայ սրահին մէջ կայացած համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 150 ուսանողներ, որոնք վայելեցին «Սփլինթըր», «Քալիֆորնիա Փիփըլ», «Սեթըլայթ Սիթի» եւ «Ուշացանք» նուագախումբերուն, ինչպէս նաեւ համալսարանի հայկական պարախումբին կատարումները։
Հայ ուսանողական միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետուհի Սելին Վարդանի կը յայտնէ, թէ ամէն տարի կայացող եւ հայ մշակոյթի եւ հայկական տաղանդի տօնակատարութիւնը հանդիսացող այս ձեռնարկը իրեն համար սովորաբար պատուաբեր ձեռնարկ մըն է, իսկ այս տարուանը յաւելեա՛լ իմաստ ստացած է, որովհետեւ առիթ մը հանդիսացած է ուսանողներուն, որպէսզի գործնականապէս նեցուկ կանգնին «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին։
Հակառակ այն իրողութեան, որ ձեռնարկի մուտքն ու տրամադրուած ճաշերը ձրի էին, անոր ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել աւելի քան 500 տոլար, որ տրամադրուեցաւ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին։
Սոյն արշաւին աջակցելու համար, այցելել www.withoursolders.com/donate կայքէջը։