Նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին՝ Մոհամէտ Ճաւատ Զարիֆի հետ, որոնց հանդիպման կարեւորագոյն իրադարձութիւնը եղած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման վերաբերող յուշագիրի ստորագրութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուած է, թէ Իրան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ բարեկամ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխգործակցութեան՝ համոզում յայտնելով այն մասին, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները կարելիութիւն պիտի տան առաւել եւս ամրապնդելու եւ խորացնելու այդ կապերը։
Էդուարդ Նալբանդեան եւս կարեւոր նկատած է փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ առկայ ամուր հիման վրայ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ Իրանի նախագահին Հայաստան նախատեսուող այցելութիւնը կարեւոր լիցք պիտի հանդիսանայ հայ-իրանեան փոխգործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու համար: Այս պարունակին մէջ երկուստեք վերահաստատուած են յանձնառութիւնը՝ հետեւողական ջանքեր գործադրելու միացեալ ծրագիրներու իրականացման նպա-տակով:
Նախարարները քննարկած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու խթանման, երկու երկիրներուն մէջ միջազգային տն-տեսական ցուցահանդէսներուն փոխադարձ մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Անոնք յատկապէս կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը՝ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման վերաբերեալ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան հաստատման շուրջ։ Անոնք անդրադարձած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Արցախի դէմ Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած յարձակումը, Վիեննայի գագաթնաժողովին արդիւնքները՝ բարձր գնահատելով միջազգային իրաւունքի հիման վրայ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման վերաբերեալ Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը:
Իրանի Փոխնախագահը Հաստատած Է Հայաստանի Հետ Սերտ Կապերու Առկայութիւնը
6 Յունիսին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցած է Իրանի փոխնախագահ, Կորիզային ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհիի հետ, որ ընդգծած է, թէ միշտ ալ ուրախալի է հանդիպում ունենալ իր լաւ բարեկամին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, որուն հետ սերտօրէն համագործակցած է, երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարար էր։
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր, միտքեր փոխանակած են միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ: Ալի Աքպար Սալեհին Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուցած է Իրանի կորիզային ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գործադրութիւնը:
Նոյն օրը նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ–իրանեան փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել խորացման նպատակով ձեռնարկուող միացեալ քայլերը, բարձր մակարդակով կնքուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Արցախի քառօրեայ պատերազմի մանրամասնութիւնները: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են խաղաղ միջոցներով տագնապի լուծման գծով։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման նպատակով գործադրուող ջանքերուն: