ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի կառավարութիւնը 11 Յուլիսին պիտի հրապարակէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացուած յատուկ դրամական հաշիւին փոխանցուած գումարներու ծախսերուն եռամսեայ հաշուետուութիւնը՝ ընդհանուր տուեալներով, առանց բացայայտելու ռազմական գաղտնիք պարունակող մասերը:
Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մամլոյ խօսնակ Արտակ Բեգլարեան՝ յիշեցնելով, որ 8 Յուլիսին Ազգային ժողովին ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան գործադիր ղեկավարման մարմինի գործունէութեան հաշուետուութիւնը:
«Յատկապէս նրանք, ովքեր յատուկ հաշուեհամարի գումարների ծախսման մասով անվստահութիւն ունեն կառավարութեան հանդէպ, պէտք է հաշուի առնեն, որ Ազգային ժողովին (այդ թւում՝ ընդդիմադիր պատգամաւորներին) են ներկայացուել բազմաթիւ մանրամասներ, որոնք կրում են գաղտնի տեղեկատուութիւն: Սա նշանակում է, որ պատգամաւորները կարող են ամբողջութեամբ վերահսկել ծախսերը եւ, որեւէ խնդիր նկատելիս, բարձրաձայնել դրա մասին: Կառավարութիւնը պարբերաբար հրապարակում է յատուկ հաշուեհամարի մուտքերի հաշուետուութիւնը, իսկ Յուլիսի 11ին կը հրապարակի ծախսերի եռամսեակային հաշուետուութիւնը՝ ընդհանուր տուեալներով՝ առանց բացայայտելու ռազմական գաղտնիք պարունակող մասերը: Աւելին՝ մօտակայ ժամանակահատուածում յատուկ հաշուեհամարի գումարներով կատարուած աշխատանքները ներկայացնելու ենք նաեւ մի շարք հասարակական–քաղաքական գործիչների, ովքեր վստահութիւն են վայելում հասարակութեան շրջանում», յայտարարած է Բեգլարեան:
Ապրիլի առաջին օրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանական յարձակումին արձագանգելու նպատակով ստեղծուած է կառավարութեան առընթեր գործադիր ղեկավարման մարմին, որ համակարգած է այդ օրերուն աշխարհի տարբեր կողմերէ Արցախ առաքուող դրամական, նիւթական եւ այլ կարգի օգնութիւնները:
Դրամական փոխանցումները կազմած են 4 միլիառ 562 միլիոն 175 հազար դրամ: