ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վաւերացուց 3 Յունիս 2016ի թուրք-ատրպէյճանական յուշագիրը, որուն համաձայն՝ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կարելիութիւնն ունին գործածելու Ատրպէյճանի «Քըզըլ Շարք» ռազմական աւանի շէնքերն ու շինութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ատրպէյճանական ռազմական օդակայաններէն մէկուն համալիրը։ Այս օդակայանը կը գտնուի Հաճը Զէյնըլապիտին գիւղաքաղաքին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.