ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ապագայ խոստացող ուսանողներուն համար կրթանպաստներ ապահովելը մի՛շտ նախապատուութիւն մը եղած է, եւ այդ իսկ պատճառով, համալսարանի 25ամեակին նուիրուած եւ Նոյեմբեր 19ին կայանալիք ձեռնարկին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ կրթանպաստներ ապահովելու աշխատանքներուն վրայ։
«Պեվըրլի Ուիլշըր» պանդոկին մէջ կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ համալսարանին նեցուկ կանգնողները, գլխաւորութեամբ՝ տէր եւ տիկին Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեաններուն։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է հայրենի գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետութիւնը ստանձնած են Զաւէն Աքեան եւ Սինան Սինանեան. ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմէն հատուած մը։
Հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել lalexander@aua.am հասցէին։