Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին կից հողատարածքի մը գնման ծախսերը ապահովելու հեռանկարով, կազմակերպած է հանգանակային երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 7ին, «Գաւառ» ճաշարանին մէջ՝ 4777 Santa Monica Blvd., Los Angeles, CA 90029: Մուտքի նուէր՝ միայն 50 տոլար:
Պէտք է ընդգծել, թէ ՀՕՄը իր մարդասիրական եւ մանաւանդ ազգասիրական գործունէութեամբ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հո՛ն, ուր հայկական գաղութներ կազմուած են եւ ուր մեր երիտասարդութեան ազգային դիմագիծը պահպանելու հրամայական գոյութիւն ունի։
Այսօր նման իրողութեան դէմ յանդիման կը գտնուի ջաւախքահայութիւնը: ՀՕՄը, գիտակցելով այս իրողութեան՝ միշտ սատար կը հանդիսանայ հայրենի Ջաւախքին, որուն համար գործի լծած է «Ջաւախք» հիմնադրամի իր յանձնախումբը: Աւելի քան տասնամեակ մը գործելով՝ կարեւոր այս յանձնախումբը արդէն իսկ երեք երիտասարդական կեդրոններ կը հովանաւորէ Վրաստանի մէջ, ուր մեծ թիւով հայ երիտասարդներ յաճախելով՝ ոչ միայն կ՛առնչուին արտաքին աշխարհին, այլեւ կը պահպանեն ազգային իրենց դիմագիծը՝ կառչած մնալով պապենական իրենց հողին:
Այս առումով մեծ դեր կը խաղայ յատկապէս Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնը, որ իր մեծաթիւ այցելուներով արդէն իսկ նեղ կու գայ շրջանի երիտասարդութեան: Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ այս կեդրոնին կից գտնուող դատարկ հողատարածքը ծախու է, եւ ասիկա գեղեցիկ առիթ մը կը հանդիսանայ ընդարձակելու համար կեդրոնին նշեալ կարելիութիւնները:
Հոկտեմբեր 2015ին գումարուած ՀՕՄի 71րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը յատուկ բանաձեւ մը որդեգրելով, պարտականութիւն յանձնած էր նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան՝ գնելու այդ հողաշերտը եւ զայն խաղավայրի վերածելով՝ կեդրոնի կեանքը առաւել հետաքրքրական դարձնելու:
Ահա՛ հրաշքի համազօր կարելիութիւն մը, որուն իրականացման մէջ անկասկած մեծ դեր կրնայ խաղալ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը, որ ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութեան դիմումին՝ սիրայօժար ընդունած է անոր գնման պարտականութիւնը: Բացառիկ այս առիթը չփախցնելու համոզումով է որ կազմակերպուած է վերոնշեալ հանգանակային երեկոն:
Ակնկալելի է, որ շրջանի հայութիւնը գիտակցելով այս ձեռնարկի նպատակին կարեւորութեան, իբրեւ ազգային պարտականութիւն՝ խուռներամ մասնակցի անոր, որպէսզի Ջաւախքի սերունդները հայեցի դաստիարակութեան ապահով վայր մը ունենան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ գրելով office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէին:
ՀԱՅ ՕԳՆՈԻԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ