«Սասնայ Ծռեր»ուն կողմէ Երեւանի ՊՊԾի տարածքի գրաւման վերջին օրը՝ Յուլիս 31ին, Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած էր Հոլանտայի Մաասթրիխթ քաղաքի հոգեւոր հովիւ Արմէն քհնյ. Մելքոնեան, որ նաեւ ելոյթ ունեցած էր:
Քանի մը օր ետք յայտարարուեցաւ, թէ Էջմիածինէն հասած հրահանգով մը ան պաշտօնազուրկ եղած է, առանց սակայն կարգալոյծ հռչակուելու, քանի որ ան կը պատկանի Կիլիկեան թեմին: Այս քայլը մեծ զայրոյթ պատճառած էր թէ՛ իրեն՝ ենթակային, եւ թէ Հոլանտայի հայ գաղութին, ինչպէս նաեւ շատերու:
Օգոստոս 25ին, «Առաւօտ»ի մէջ լոյս տեսած է Արմէն քհնյ. Մելքոնեանի հետ հարցազրոյց մը, ուր ան կը բացատրէ այդ զարգացումներուն ծալքերը:
Այդ հարցազրոյցին մէջ, Արմէն քհնյ. Մելքոնեան նախ կը յայտնէ, թէ խնդրոյ առարկայ ցոյցին իր ելոյթը ծրագրուած չէր եւ թէ զօրակցութեան ցոյցի մասին ալ տեղեկացեր էր միայն «ֆէյսպուք»էն ու ցանկացեր էր անպայման ներկայ ըլլալ որպէս քաղաքացի, հայ, որպէս տեղւոյն Հայոց հոգեւոր հովիւ եւ «Սասնայ Ծռեր»ու համակիր: «Անակնկալի եկայ, որ ինձ բացման խօսք տրուեց, ես էլ արտայայտեցի, ինչ կար իմ սրտում», կ՛ըսէ քահանան՝ աւելցնելով, թէ իր նպատակն էր խաղաղութիւն քարոզել եւ տեսագրութիւնն ալ հասանելի է youtube-ի վրայ: Սակայն, Օգոստոսի սկիզբը Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին ան կը տեղեկանայ, որ իր քայլը Էջմիածինը բարկացուցած է, եւ որմէ ետք ան կը պաշտօնազրկուի: Կարգալուծութենէ կը խուսափի, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանի կարգավիճակ ունի:
Հակառակ այս վճիռին, կը տեղեկանանք, որ Սեպտեմբեր 4ին Մաասթրիխթ քաղաքի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Արմէն քահանայ Մելքոնեան պատարագ պիտի մատուցէ քանի մը շաբաթուան ընդմիջումէ ետք:
«Եկեղեցին համայնքինն է, եւ համայնքը (պաշտօնազրկման) որոշումը համարում է անարդար», կը յայտնէ Արմէն քհնյ. Մելքոնեան։