ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 30 Օգոստոսին ընդունած է Ուաշինկթընի «Քարնըկի» հաստատութեան նախագահ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին առաջին տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզն ու «Դաւիթեան» հիմնադրամի ղեկավար, բարերար Ասօ Դաւիթեանը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան հեռանկարներուն, միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներու ու անոնց լուծման ուղիներուն շուրջ: