«ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԱԼ» ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հայոց պատմութիւնը եթէ պատմափիլիսոփայական մօտեցումով ուսումնասիրենք, այնտեղ պիտի հանդիպինք «Արծաթէ Դար» եզրին, որ կանուխ միջնադարու Կիլիկեան թագաւորութեան ծաւալած հոգեւոր-մշակութային գործունէութեան որակումն է: Այս շրջանին, Կիլիկիոյ մէջ կառուցուած են բազմաթիւ վանքեր, վարդապետարաններ, համալսարաններ, ծնունդ տալով եկեղեցական գործիչներու այնպիսի փաղանգի մը, ինչպիսիք՝ Ներսէս Շնորհալի, Յակոբ Կլայեցի, Յովհան Որոտնեցի, Տիրատուր Կիլիկեցի, Եսայի Նչեցի, Մխիթար Գօշ, Ներսէս Լամբրոնացի եւ ուրիշներ, որոնք պատմութեան մէջ կոչուած են Արեւմտեան վարդապետներ եւ արուեստի, գիտութեան ու աստուածաբանական գոհարներ ստեղծելու կողքին՝ զբաղած են միջեկեղեցական յարաբերութիւններ մշակելով զանազան քրիստոսադաւան եկեղեցիներու հետ, առանց կորսնցնելու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքն ու ինքնուրոյնութիւնը: Անոնց հիմնական նպատակը եղած է առաքելահիմն հայ եկեղեցին ճանաչելի դարձնել օտարներուն, ապացուցանելով անոր ուղղափառ դաւանանքն ու պատուական տեղը Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու դասին:
Ցեղասպանութենէն ետք, երբ Կիլիկեան Ս. Աթոռը հաստատուեցաւ Լիբանան, մեր պատմական Ս. Աթոռի դրօշակիրները, վերահաստատումի եւ վերակենսաւորման փուլէն ետք, իրենց ուշադրութեան մէկ կեդրոնը դարձուցին միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, քաջ գիտնալով անոր կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եղաւ այս իմաստով տասնամեակներ առաջ ծաւալած գործունէութեան ու աշխատանքներուն հաւատարիմ դրօշակիրն ու ջահը բարձր պահողը՝ թէ՛ միջեկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու եւ թէ միջազգային յարաբերութեանց կալուածներուն մէջ։
1974ը բախտորոշ թուական էր վեհափառի կեանքին մէջ: Ան 1974ին կարեւոր դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին վերակազմակերպման աշխատանքին մէջ, ընտրուելով Գործադիր վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ հրատարակեց իր ուսումնասիրական առաջին հատորը՝ «Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբան ու Էքիւմէնիստը», կարծես ուխտելով քալել Շնորհալիի եւ Լամբրոնացիի հարթած ճանապարհով, նուաճելու համար նոր գագաթներ:
Կ՛արժէ հակիրճ կերպով պատկերել վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) հարուստ գործունէութիւնը:
Ա.- Միջեկեղեցական (Ecumenical Movement) գործունէութիւն.
– 1974ին, իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (Middle East Council of Churches) կառոյցին վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ եւ այդ թուականէն սկսեալ դարձած է Գործադիր վարչութեան անդամ։
– 1977ին, նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը Վիեննայի PRO-ORIENTE Կաթոլիկ էքիւմէնիք կազմակերպութեան մօտ, ապա ընտրուած է կազմակերպութեան պատուոյ անդամ։
– Գործօն մասնակցութիւն բերած է Արեւելեան Ուղղափառ քաղկեդոնական եւ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու (Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches) յարաբերութեանց զարգացման մէջ:
– Գործօն մասնակցութիւն բերած է Ուղղափառ-Աւետարանչական (Orthodox-Evangelical) եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Բարեկարգեալ (Oriental Orthodox-Reformed) եկեղեցական ընտանիքներու աստուածաբանական տիալոկին:
– Կարեւոր դեր ունեցած է Արեւելեան Ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան (Oriental OrthodoxRoman Catholic Theological Dialogue) նախաձեռնութեան մէջ։
Բ.- Միջկրօնական գործունէութիւն.
– 1994ին, պատուոյ նախագահ ընտրուած է World Religions Museum Foundation-ի:
– 2006ին, պատուոյ նախագահ ընտրուած է World Religions for Peace միջազգային կազմակերպութեան։
– 2007ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կազմակերպած է միջ-կրօնական համագումար:
– Յատուկ աշխատանք տարած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալման։
– Կարեւոր ներդրում կատարած է, իբրեւ գլխաւոր դասախօս եւ նախագահ՝ G8-ի Միջ-կրօնական համագումարներուն։
Գ.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ. (World Council of Churches)
– 1970ին, դարձած է անդամ Խորհուրդի երիտասարդական բաժանմունքին (Youth Department), ապա, Հաւատք եւ Կարգ (Faith and Order) յանձնաժողովին գործադիր վարչութեան:
– 1983ին, Ե. Հ. խորհուրդի Վանքուվըրի համաժողովին ընտրուած է խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, իսկ 1991ին, Քէմպերայի համաժողովին ընտրուած է Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց (Central Committee and Executive Committee) ատենապետ՝ եօթը տարուան ժամանակաշրջանի մը համար:
-1998ին, Հարարէի մէջ (Զիմպապուէ) գումարուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 8րդ համաժողովին վերընտրուած է ատենապետ, պատմութեան մէջ հանդիսանալով առաջին վերընտրուած ատենապետը։
– Ան առաջին ուղղափառ հոգեւորականն է եւ ամէնէն երիտասարդը Ե. Հ. խորհուրդի պատմութեան մէջ, որ ընտրուած է միջազգային այս մեծ կազմակերպութեան բարձրագոյն պաշտօնին:
Ահաւասիկ ամրակուռ կամուրջ մը, որ կը հաւատայ ազգերու, կրօնքներու եւ եկեղեցիներու երկխօսութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան. Նորին Սրբութեան էքիւմէնիք գործունէութեան նպատակն է Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ճանաչումը ընդարձակել միջազգային պետական ու եկեղեցական շրջանակներուն մէջ, զուգահեռաբար հայկական պահանջատիրութեան դատը հասցնել միջազգային պետական եւ եկեղեցական բարձրագոյն ատեաններուն: Ի սկզբանէ նորին սրբութեան ծառայութեան սկզ-բունքը եղած է «Եկեղեցին ժողովուրդին համար» գաղափարախօսութիւնը, եւ արդարօրէն իր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով, ամէնուր սատար եւ պաշտպան կը կանգնի հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան դատին՝ հասնելու համար՝ Սիս, Ծամնդաւ, Հռոմկլա, Հօնի, Անի, Թաւբլուր, Մուշ եւ Աղթամար։