ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 14-15 Սեպտեմբերին Մոսկուայի Մ. Վ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Սփիւռքը եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները. անցեալ եւ ներկայ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով, որուն նպատակն է բազմակողմանիօրէն քննարկել աշխարհի տարբեր ժողովուրդներուն հետ հայութեան շփման պատմական փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ այն դերին, որ հայկական Սփիւռքը ունեցած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու պատմութեան մէջ: Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են ռուսերէնը, անգլերէնն ու ֆրանսերէնը։
Այս առիթով «100 կեանք» հիմնադրամին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ գիտաժողովը նշանակալի իրադարձութիւն պիտի դառնայ ռուսական հայագիտութեան համար, եւ առաջին անգամ ըլլալով այս թեմային անդրադարձ պիտի կատարուի ակադեմական եւ համալսարանական մակարդակով՝ միաւորելով գիտական ճիւղի առաջատար մասնագէտներ։
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին հայագիտութեան եւ յարակից ճիւղերու աւելի քան 100 մասնագէտներ աշխարհի 16 երկիրներու շուրջ 50 քաղաքներէ: Անոնց կարգին են նշանաւոր պատմաբաններ Սերգէյ Կարպովը (Ռուսիա), Աշոտ Մելքոնեանը (Հայաստան), Ժերար Տէտէյեանը (Ֆրանսա), Ռեմոն Գէորգեանը (Ֆրանսա), Քլոտ Մութաֆեանը (Ֆրանսա), Սեպուհ Ասլանեանը (Միացեալ Նահանգներ) եւ ուրիշներ:
Գիտաժողովի հիմնական թեմաներն են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պատմական ճակատագիրները 10-21րդ դարերուն, ռուսահայ Սփիւռքի պատմութիւն, հայկական Սփիւռքը աշխարհին մէջ, Հայաստանի ու հայկական Սփիւռքի արուեստն ու մշակոյթը, աղբիւրագիտութեան եւ պատմագրութեան հիմնահարցեր:
Գիտաժողովին նախաձեռնած են Մոսկուայի Մ. Վ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը եւ Սփիւռքի պատմութեան գիտահետազօտական կեդրոնը՝ «Անիւ» հայագիտական հետազօտութիւններու աջակցութեան եւ զարգացման հիմնադրամին հետ համատեղ: Գիտաժողովի տեղեկատուութեան հովանաւորն է 100 Lives նախագիծը, որ «Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական նախաձեռնութեան մէկ մասն է: