ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենացական միութեան վարչութեան, Շաբաթ եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 3-4ին, «Փաշայեան» ծառաստանին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական տօնակատարութիւնը, բաւական մեծ թիւով հայրենակիցներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, որոնք եկած էին 101ամեակին առիթով սրբադասուած 18 նահատակներուն իրենց ուխտը նորոգելու եւ թշնամիին երեսը ի վեր գոչելու. «Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ… շատանա՛նք»:
Շաբաթ երեկոյեան, մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ Ժագ Յակոբեանը, իսկ հարթակի վրայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց պարերով խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Գիշերը զով էր. Սան Ֆրանսիսքոյէն եկած բարեկամս մօտենալով՝ իր դժգոհութիւնը յայտնեց ու ըսաւ. «Եղբա՛յր, մենք Ֆրեզնօ եկանք քիչ մը տաքնալու. հոս աւելի պաղ է», ես ալ պատասխանեցի. «Լաւ կ՛ըլլայ, որ դուք շաբաթ մը հոս մնաք, ձեր հետ բերած պաղ օդով, որովհետեւ անցեալ շաբաթները ոչ միայն մեր տուներուն եւ պարտէզներուն պտուղներն ու ծաղիկները չորցան, այլ պահ մը, մենք մեզ զգացինք Սահարայի անապատին մէջ, 110 աստիճան տաքութեամբ»:
Կիրակի օր, պատարագիչն էր Վահան քհնյ. Կոտանեան, իսկ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Անժէլ Օհաննէսեանի, լաւապէս կը մեկնաբաներ պատարագի երգերը: Տէր հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան, ինչպէս նաեւ՝ իր ուրախութիւնը, որ կը գտնուի երբեմնի իր ծխականներուն հետ, միասնաբար աղօթելու եւ վերակոչելու 18 նահատակներուն յիշատակը։ Ան յորդորեց, որ մուսալեռցիները ապրին, գործեն եւ քալեն իրենց նախնիներուն ճանապարհով ու ոգիով։
Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբեր Կարօ Ստամպուլեանը:
Յարգելի պատգամաբերը իր խօսքը այսպէս սկսաւ. «Այսօր, կը փափաքիմ կարգ մը մտորումներ բաժնել ձեզի հետ, Մուսա լերան ժառանգորդի մը ակնոցով դիտուած»։ Ան իր այս մտորումներուն որպէս նշանաբան ընտրած էր գրագիտուհի Նորա Ռապըրթսի սահմանած երեք պարզ կանոնները, որոնք կը նկարագրեն կեանքի մը յաջող ընթացքը։ Անոնք են՝
ա. Եթէ չհետապնդես հեռանկարներդ եւ նպատակներդ, անոնք չեն իրականանար.
բ. Եթէ չխնդրես, պատասխանը միշտ «ո»չ կ՛ըլլայ.
գ. Եթէ քայլեր չառնես, նոյն տեղը կը մնաս:
Պատգամաբերը ըսաւ, որ այդ երեք կանոնները կը վերաբերին նաեւ մեր ազգային կեանքին։ «Մեր նախահայրերը, պատմութեան մեծ ճանապարհին վրայ նոյն սկզբունքներով շարունակած են իրենց երթը եւ կերտած ազգին պատմութիւնը: Մենք, որպէս ժողովուրդ, մեր հեռանկարները միշտ հետապնդած ենք՝ եկեղեցի, ազգապահպանում եւ մշակոյթ եռանկիւնով, եւ յաճախ խնդրած ենք օժանդակութիւն», ըսաւ ան՝ թուելով օրինակներ ֆրանսական պետութեան եւ վեհանձն անձնաւորութիւններու կողմէ օժանդակութեանց՝ տրամադրուած մուսալեռցիներուս, Մուսա լերան գագաթէն սկսեալ, Կարմիր Խաչով մինչեւ Այնճար հայաւանի տարիներուն, որոնց ընթացքին կառուցուեցան եկեղեցիները, դպրոցներն ու միութիւնները:
«Մենք միշտ քայլեր առած եւ պաշտպանած ենք մեր ազգային դիմագիծը», ըսաւ պատգամաբերը՝ օրինակներ տալով Մուսա լերան հերոսամարտէն եւ 1939ին դէպի Լիբանան գաղթէն:
Կարօ Ստամպուլեան իր պատգամը հետեւեալ ձեւով եզրափակեց. «Մեր նախահայրերը ի՞նչ աւանդ ձգեցին մուսալեռցի ժառանգորդներուն: Մեր 18 հերոս նահատակներուն գերեզմանաքարերը երբ կ՛ուսումնասիրենք, իրենց անուններուն կողքին կը նկատենք թուականներ՝ բաժնուած գծիկներով: Գծիկը կը ներկայացնէ ամբողջ կեանք մը», եւ հարց տուաւ. «Այսինքն, մենք ինչպէ՞ս գծեցինք մեր գծիկը: Մտածե՛նք ասոր մասին»:
Երիտասարդ պատգամաբերին այս տպաւորիչ պատգամը վերջ գտաւ Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածին բառերով.
«Հաշուեյարդա՛ր, ին՞չ մնաց, կեանքէն ինծի, ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ՝ այն միայն»:
Պատարագէն ետք, տէր հօր առաջնորդութեամբ, սարկաւագներն ու դպրաց դասը թափօր կազմած ուղղուեցան դէպի ծառաստան։ Սեղաններուն վրայ շարուած կաթսաներուն մատաղը, օրհնուելէն ետք, հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ: Անոնք սեղաններուն շուրջ նստած ճաշակեցին մատաղն ու վայելեցին երգիչին կատարումները:
Սիրելի ընթերցող, Մուսա լերան բարձունքին, պատերազմի ահաւոր մթնոլորտին ընթացքին, մեր նախահայրերը ցուցաբերեցին նկարագիրի ցայտուն գիծեր. փափաքեցայ անոնց առնչուող դր-ուագներ ներկայացնել, որովհետեւ անոնք կապ ունին պատգամաբերին թուած երեք պարզ կանոններուն:
– Թշնամին, երբ կը փորձէր գրաւել «Մահուան դիրք» կոչուած կարեւոր բլուրը, Վարդեր Զէյթլեան, սափորը ուսին՝ «եղնիկի արագութեամբ դիրքէ դիրք վազելով ջուր կը բաժնէր մարտնչողներուն»։ Գնդակ մը կը ծակէ ջրամանը. հերոսուհի Վարդեր, «զայրոյթէն կրակ ու բոց կտրած»՝ հանդիպակաց պուրակներուն մէջ վխտացող զինուորներուն կը պոռայ. «Հէյ, ճարըսնա, ձիր մըլլա կարնու ծակի կուտոլս, ըմմը միյր սէոյրտ չըք կարնու ծակի. զաս աղուիր գիտացըք («Հէ՜յ անամօթներ, ձեր գնդակը կրնայ կուժս ծակել, սակայն սիրտս չի կրնար ծակել. ասիկա լա՛ւ գիտցէք»:
– Օգոստոս 15-16ին, լերան վրայ ահաւոր կացութիւն մը կը ստեղծուի. իգական սեռի պատիւը փրկելու համար կը մտածուի ծով նետուիլ, հայ կնոջ անբիծ պատիւը ծովուն մէջ թաղելու համար: Թափօրը կ՛առաջնորդէ Աբրահամ քհնյ. Տէր Գալուստեանը: Թափօրին դէպի ծով վազքը կանգ կ՛առնէ, երբ մունետիկը կը յայտարարէ թշնամի բանակին նահանջը:
– Մարտիկներէն մէկը՝ Սըխտիւրը, վազելով իր խցիկը կը հասնի, դանակը կը հանէ՝ իր կինը հարուածելու համար, սակայն շեղելով՝ դանակը խցիկի սիւնին կը զարնուի, իսկ կինը լեղապատառ դուրս կը վազէ:
Մեր նախահայրերը հեռանկարներ եւ նպատակներ հետապնդեցին, ծովէն օգնութիւն խնդրեցին եւ քայլեր առին՝ Մուսա լեռ բարձրանալու:
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ատենապետ Ճորճ եւ վարչութիւն: