ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼ
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը 160 տարիներէ ի վեր, հաւատարիմ իր սկզբունքին, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ղեկավարելով աշխարհով մէկ հիմնադրած իր վարժարանները, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու հայ մանուկին եւ պատանիին: Այս վարժարաններու ցանցին ոսկեայ օղակներէն մէկն ալ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանն է, որ աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կը գործէ Կլենտէյլի մէջ, ագուցելով իր դրական ներդրումը տեղւոյն հայկական համայնքի աշխոյժ կեանքին:
2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը արդէն իսկ սկսած է, եւ ուսումնարանները բացած են իրենց դռները։ Հայ Քոյրերու վարժարանը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ի առաւօտեան, իր լրիւ կազմով՝ աշակերտութիւն, ծնողներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն եւ խորհրդատու մարմինի անդամներ, պատրաստ էր սկսելու ուսումնական նոր տարեշրջան մը՝ ամրապնդելով միաբանութեան առաքելութիւնը:
Ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը արդէն իսկ իրենց աշխատանքներուն սկսած էին վերամուտի նախօրեակին, ինքնապատրաստութեամբ եւ դասարաններու կազմակերպչական աշխատանքով, ստեղծելու համար դասաւանդման յարմար եւ դաստիարակչական հաճելի մթնոլորտ մը:
Վերամուտի առաջին օրը, վարժարանի քարեղէն շէնքը վերադարձած էր իր աշխոյժ անցեալին եւ լեցուած էր փոքրերու ձայներով, մեծերու գրկախառնումով եւ ծնողներու կարօտալի բացագանչութիւններով։ Աւարտական դասարանի աշակերտները փուչիկներով կը դիմաւորէին եկողները, երբ ընդհանուր եռուզեռին մէջ հնչեց առաջին զանգը:
Բացման արարողութիւնը, ըստ պատշաճի, եղաւ աղօթքով։ Աշակերտները քոյր Լուսիայի առաջնորդութեամբ սկսան Տէրունական աղօթքով, ապա օրուան աղօթքը կարդաց աւարտական դասարանէն աշակերտուհի մը եւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ զոյգ քայլերգներու երգեցողութեամբ, մինչ բոլոր աշակերտները արտասանեցին Հայ Աշակերտին ուխտը:
Արարողութիւնը շարունակուեցաւ Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Նորատունկեանի աղօթքով եւ պատշաճ ու առաջնորդող պատգամով։ Ան դրուատեց հայ դպրոցի անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս՝ եռանկիւն մը գծելով ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ դպրոցին միջեւ, կիզակէտ ունենալով հայ պատանիին առողջ դաստիարակութիւնը, ունենալու համար առողջ միջավայր եւ հետեւաբար՝ առողջ եւ օրինակելի համայնք: Ապա տեղի ունեցաւ օծումը սրբանկարի մը, որ նուիրուած էր լիբանանցի արուեստագէտ Հապիպ Խուրիի կողմէ եւ ներկայացուած վարժարանի ծնողներէն՝ նոյն արուեստագէտին քրոջ ընտանիքին՝ տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Նանա Սամուէլեաններուն կողմէ: Սրբանկարը կը ներկայացնէ Յիսուսը մանուկներուն հետ, եւ պիտի ըլլայ վարժարանի 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի առաջնորդող լօզունգը՝ «Յիսուսի հետ քալենք»:
Ըստ աւանդութեան, առաջին օրուան դասաւանդութիւնը սկսաւ, երբ աւարտական դասարանի աշակերտները, որպէս օրինակելի առաջնորդներ՝ առաջին դասարանի աշակերտները իրենց դասարանը առաջնորդեցին:
Իսկ Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ծնողք-ուսուցիչ հանդիպումը, որուն ընթացքին ծնողներ իրենց զաւակներուն դասարանները հաւաքուելով՝ ծանօթացան դաստիարակ ուսուցիչներուն, իրազեկ դարձան տարեկան ուսումնական ծրագիրին, դասաւանդման դրութեան եւ միջոցներուն: Ծնողները նաեւ առիթ ունեցան շրջագայելու մանկապարտէզի զոյգ շէնքերը, խաղավայրերը, որոնք արդէն պատշաճ եւ յարմարագոյն ձեւով կահաւորուած եւ զարդարուած էին: Յիշենք, որ հանդիպման ներկայ էին վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիան եւ փոխտնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանը:
Հայ Քոյրերու վարժարանը Սեպտեմբեր 6ին մեծ խանդավառութեամբ եւ յարատեւելու վճռակամութեամբ սկսաւ 2016-2017 տարեշրջանը, նոր յոյսերով եւ ակնկալութիւններով, նոր մարտահրաւէրներով եւ յանձնառութեամբ՝ իրականացնելու եւ նուաճելու որոշուած նպատակները, հասնելու համար նոր յաղթանակներու:
ՇՆորհակալ եմ յօդուածը տեղադրելուն բայց անունը պէտք է ըլլայ Գանտիլեան պարզ յիշեցում մը