Ս. Բ.
«Հայ եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սոսկ հոգեւոր կառոյց մը չէ, այլ մեր ժողովուրդի համայնական կեանքը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով իր մէջ պարփակող հաւաքական ծառայութիւն մը»։
***
Այսօ՛ր, չեմ յիշեր, թէ «Ասպարէզ»ի 2016ի ո՞ր թիւէն քաղած եմ վեհափառ հայրապետին իւրայատուկ այս յիշեալ խօսքը։ Կարեւոր չէ, ո՛չ թուականը, ո՛չ ալ ե՛րբ եւ ո՛ւր ըսուած ըլլալը. կարեւորը՝ վեհափառին խօ՛սքն է մեզի ուղղուած. կենսականը՝ ա՛յն ծառայութիւնը, որ մեր եկեղեցին կը մատուցանէ մեզի. այն էակա՛ն գաղափարը, որ մեր վեհափառը իր ծառայութեամբ մեր եկեղեցւոյ արգասիքը կը բաշխէ մեզի, հա՛յ ազգին։
***
Պիտի փորձեմ դրուագ մը «վերակենդանացնել» վեհափառին նախորդ այցելութենէն՝ Լոս Անճելըս։
***
Հայկական գրեթէ բոլոր դպրոցներէն, մասնաւորաբար մանկապարտէզներէն, պատկառելի թիւով աշակերտութիւն մը հաւաքուած էր վեհափառին հետ հաղորդուելու եւ ցոյց տալու իրենց մանկական «շնորհ»ները։ Վեհափառը եւս (թող ներէ վեհափառը) մանկացած էր իրենց նման. պարզ աթոռի մը վրայ նստած էր եւ շա՜տ ուրախ էր տեսնելով այդ «եռուն» մանուկները…
Փոքր տղեկ մը (հազիւ 7 տարեկան) վեհափառին մօտենալով եւ ձեռքը ծունկին դնելով՝ համարձակօրէն հարցուց.
– Դուն «համպըրկըր» կերա՞ծ ես։
Վեհափառը ձեռքը փոքրիկին ուսին դնելով՝ ժպիտով ըսաւ.
– Այո՛, տղաս, կերած եմ, համո՛վ է։ Մենք ալ վանքը ոսպապուր կ՛ուտենք։ Երբ օր մը գաս վանք, մեզի հետ ոսպապուր կ՛ուտե՞ս։
Մանչուկը լա՜ւ մը նայելով վեհափառին ուրա՛խ երեսը՝ ի՛նք եւս խնդալով «այո՜» ըսաւ եւ ակամայ, կարծես վեհափառը ընկերը ըլլար, երեսը համբուրեց ու արագ վազեց ուսուցչուհիին քով…
***
Ծառայութիւն կը նշանակէ նախ խոնարհութիւն՝ պա՜րզ ու ջինջ հասկնալու դիմացինին, յարգանք, գնահատանք, սէր ու հաւատք պարգեւելով, արմատը՝ ծառայասիրութեան։
Երանի՜ անոնց, որոնք գիտեն ծառայել գործելո՛վ թէ խօսքով։
Ծառայութիւնը՝ «մանկանալ» ալ գիտէ։