ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 25 Սեպտեմբերի առաւօտեան պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն նահատակուած է 19ամեայ Սեւակ Խաչատրեան Արմաւիրի մարզի Արեւիկ գիւղէն էր՝ ապրիլեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած Գոռ Կիրակոսեանի համագիւղացին: Ան բանակ զօրակոչուած է Յուլիս 2015ին։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի 25 Սեպտեմբերի հրամանագիրով ան յետ մահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար։
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սեւակի հարազատները պատմած են, որ ան երկու եղբայրներէն կրտսերն էր: Մեծ եղբայրն ալ ծառայած է Արցախի մէջ: Սեւակը կ՛ուսանէր Երեւանի պետական համալսարանի համակարգիչի եւ կիրառական ուսողութեան ամպիոնին մէջ: Ան մասնակցութիւն ունեցած է ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն:
«Շատ խելացի, կարդացած, հումորով տղայ էր, բոլորը նրան յարգում ու սիրում էին: Շատ նպատակներ ունէր, բայց…», նշած է զրուցակիցը:
Սեւակ Խաչատրեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 26 Սեպտեմբերին, Արեւիկի միջնակարգ դպրոցին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը պիտի կայանայ 27 Սեպտեմբերին։