ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը՝ ի դէմս ակադեմիկոս– քարտուղար Եուրի Սուվարեանի՝ մէկ կողմէ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի՝ ի դէմս նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանի՝ միւս կողմէ, 26 Սեպտեմբերին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր:
Կարեւոր նկատելով այն հանգամանքը, որ յուշագիրի կնքումը նոր մեծ լիցք պիտի հաղորդէ եղած գործակցութեան ու տարուող աշխատանքներուն՝ կողմերը պայմանաւորուեցին իրականացնել միացեալ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպել համատեղ գիտաժողովներ եւ սեմինարներ, առցանց կլոր սեղաններ, մշակել եւ իրականացնել համատեղ կրթական ծրագիրներ, մասնագէտներու փոխանակում եւ այլն:
Շնորհաւորելով կողմերը համագործակցութեան նոր ձեւաչափով հայագիտութեան պահպանութեան ուղղուած աշխատանքներու մեկնարկին առթիւ՝ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ յուշագիրի կնքումը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդման, ժամանակակից հայկական Սփիւռքի խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան, սփիւռքագիտութեան ոլորտին մէջ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան, վերապատրաստութեան, մասնագիտական կատարելագործման, փորձի փոխանակման:
Հ. Յակոբեան բարձր գնահատեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փօլ Հայտոսթեանի դերը՝ Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան ծառայութիւններ մատուցելու, մատաղ սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան առումով ձեռք բերած յաջողութիւններու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան նպաստելու առումով: Նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկի մետալ»ով պարգեւատրեց Փօլ Հայտոսթեանին՝ համոզում յայտնելով այն մասին, որ Հայկազեան համալսարանի նախագահը իր ճկուն եւ հեռատես քաղաքականութեամբ պիտի շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մշակոյթներու քուրայ համարուող Լիբանանի մէջ բարձր պահել հայ գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի միտքի համբաւը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս– քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան աւանդը հայաստանեան եւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ սերտացման գործին մէջ:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ վեր. Փօլ Հայտոսթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան՝ բարձրագոյն պարգեւին արժանացնելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ Հայկազեան համալսարանի առաքելութիւնները բազմաթիւ են, բայց անոնց գլխաւորը հայապահպանումն է՝ դիտել տալով, որ արդէն իսկ ծրագիրներ կան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հայագիտական հիմնարկներուն հետ համագործակցաբար կազմակերպելու հայագիտութեան զարգացման խթանող գիտաժողովներ, ուստի այսպիսով պիտի ընդարձակուի փորձառութեան փոխանակման եւ մարդուժի պատրաստութեան, վերապատրաստութեան ծիրը եւ պիտի ստեղծուին նոր կարելիութիւններ:
Խօսք առին նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գրականութեան, արուեստի եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու տնօրէններ Վարդան Դեւրիկեանը, Արարատ Աղասեան եւ Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան՝ ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման առումով: