ՖՐԵԶՆՕ, Քալիֆորնիա.- Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016ին, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, Ֆրեզնոյի մէջ կազմակերպեց հրապարակային դաստիարակչական եւ հանգանակային իւրայատուկ ձեռնարկ մը Ջաւախքի մասին, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկ. Րաֆֆի եւ Հիլտա Սանդիկեաններուն, որոնք նաեւ իրենց բնակարանը տրամադրած էին ձեռնարկին համար:
Իր տեսակին մէջ առաջին անգամ իրագործուող այս ձեռնարկին, ներկաները բարի գալուստի գեղեցիկ խօսքերով ողջունեցին տեղւոյն ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անժէլ Օհաննէսեանն ու ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Արփի Դանիէլեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին շրջանի համայնքային, ՀՕՄի զոյգ մասնաճիւղերու, ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Հիւրասիրութիւնը պատրաստուած էր ՀՕՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի անդամուհիներուն կողմէ: Ներկայ հիւրերուն ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը ջաւախքահայութեան կարիքներուն, շինիչ ծրագիրներուն եւ æաւախքի մէջ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած գործունէութեան մասին:
Յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Լենա Պօզոյեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հիւրընկալող զոյգին եւ շրջանի ՀՕՄի երկու մասնաճիւղերուն, որոնք մեծապէս նպաստեցին ձեռնարկի յաջող կազմակերպման: Ապա, ան լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ջաւախքի կարեւորութեան, իր գլխաւորած յանձնախումբի պատմականին ու կազմութեան, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ գործադրուող օգտաւէտ ծրագիրներու մասին: Աւելին, Պօզոյեան ընդգծեց Հայաստան այցելութեանց ընթացքին նաեւ æաւախք այցելելու կարեւորութիւնը եւ անոր Հայաստանի մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը: Իսկ անդրադառնալով յանձնախումբի կողմէ Ջաւախքի մէջ երեք կեդրոններու հովանաւորութեան գործին, ընկերուհին բացատրեց, թէ անոնք Ջաւախքի երիտասարդութեան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու եւ շրջանը ծաղկեցնելու դարբնոցներ են, եւ անոնց օգտակարութենէն մեկնած, յանձնախումբը կը մտածէ Ջաւախքի մէջ չորրորդ կեդրոն մը եւս ունենալու մասին:
Եզրակացնելով իր ելոյթը, Պօզոյեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի համայնքին, իր նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան համար եւ այնուհետեւ հրաւիրեց Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանը, ներկայացնելու հիւրերուն æաւախքի մասին տեղեկատուական զեկոյց մը:
Գոսագեան, որ լաւապէս ուսումնասիրած է Ջաւախքի պատմականն ու անոր կարեւորութիւնը, 150 սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Ջաւախքի պատմականը, բնութիւնը, ներկայ իրավիճակը, ռազմավարական մեծ կարեւորութիւնը Կովկասի մէջ:
Մեծապէս ոգեւորուած Ջաւախքի տեղեկութիւններով եւ մանաւանդ տպաւորուած ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի շինիչ ծրագիրներով, ներկայ հիւրերը իրենց նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերեցին, կատարելով սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ձեռնարկի հանգանակային այս բաժինը վարեց յանձնախումբի փոխատենապետ Յարութ Մատէնեանը: Յաջողութեամբ պսակուած հանգանակային այս ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան: Յանձնախումբը, ծաղկեփունջ մը նուիրեց Սանդիկեան զոյգին, առ ի երախտագիտութիւն իրենց գրկաբաց հիւրընկալման: