ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ դարերէ ի վեր ամուր հիմք դրած է հայոց լեզուն եւ մշակոյթը վառ պահող Թարգմանչաց տօնը: Ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն, գիրերու գիւտի, հայերէն թարգմանութիւններու եւ ստեղծագործութիւններու յիշատակելի օրն է, զոր կը տօնախմբենք՝ բարձր պահելով Մեսրոպ Մաշտոցի, Մովսէս Խորենացիի, Սուրբ Սահակ Պարթեւի, Դաւիթ Անյաղթի, Ղազար Փարպեցիի, Եղիշէի, Եզնիկ Կողբացիի, Անանիա Շիրակացիի եւ այլոց պայծառ ու անմոռաց յիշատակը, ազգային գիտակցութիւնը զօրացնելով նոր սերունդի մատղաշ միտքերուն մէջ:
Ո՞րն է թարգմանիչներու յիշատակը փառաբանելու լաւագոյն ձեւը, եթէ ոչ հայ մշակոյթի անկորնչելի գանձերուն պահպանումն ու թարմացումը, մանաւանդ՝ սերունդէ սերունդ անխաթար փոխանցումը:
Ազգային Ֆերահեան վարժարանի հայերէն բաժանմունքի ուսուցչուհիներու հաւաքական եւ հոգատար աշխատանքով, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, վարժարանին կողմէ նշուեցաւ հայ մշակոյթին նուիրուած աւանդական օրը, որուն ընթացքին, ճոխ յայտագիրով հանդէս եկան վարժարանի աշակերտները, հանդիսավարութեամբ աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ալիք Տէրտէրեանին:
Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր տօնախմբելու համար ազգային եւ կրօնական մեծ արժէք եւ կարեւորութիւն ներկայացնող Թարգմանչաց տօնը: Այս ձեռնարկի հոգեհարազատ եւ հայաշունչ կատարումները խանդավառեցին եւ նոր թափ տուին աշակերտութեան հայապահպանման երթին: Հանդիսութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ծնողներ, հարազատներ եւ բարեկամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկան 12րդ դասարանէն Լեւոն Աւետիքեան (հայերէն) եւ Ալիք Տէրտէրեան (անգլերէն), իսկ գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10րդ կարգէն (ALD) խումբ մը աշակերտներ՝ «Թարգմանչաց» ներկայացումով, 9րդ կարգէն աշակերտներ՝ «Ես Մասիսը չտեսայ» արտասանութեամբ:
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցան մեր վարժարանի երգի եւ երաժշտութեան դասարանի աշակերտներ, ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու: 6րդ կարգի աշակերտները երգեցին «Արի արի, ջան աշուն» եւ «Երազանք» երգերը:
Մշակոյթի օրուան յատուկ շարադրական մրցում մը տեղի ունեցաւ, որ պատրաստուած էր միջնակարգի աշակերտներու կողմէ՝ նիւթ ունենալով «Ո՞վ է հայը»: Իւրաքանչիւր բաժանում պատրաստած էր մէկ օրինակ: 6րդ կարգէն Սարին Պարոնեան եւ Սառա Սէմիրեան ներկայացուցին իրենց շարադրութիւնները: Հայկական նազպարով ելոյթ ունեցաւ Սառա Կարապետ: «Մայրենի լեզու»ն արտասանեցին 7րդ կարգի (ALD) աշակերտները: 8րդ կարգի աշակերտները երգեցին «Նուպար-Նուպար» եւ «Հոյ Նազան» երգերը: 10րդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Պանդուխտ հայ մայրերին» բանաստեղծութիւնը, «Ո՞վ է հայը» ընթերցեցին 7րդ կարգէն Շահան Սարգիսեանը եւ Արա Կիւլիւզեանը, 8րդ կարգէն աշակերտուհիներ ներկայացան հայկական պարով մը: Հոս յիշեցնենք, որ երկու պարերն ալ աշակերտները սորված էին ինքնուրոյն, առանց պարուսոյցի ղեկավարութեան: 8րդ կարգէն Թալին Քրիւմեան եւ Էրիք Ենիքոմշեան կարդացին իրենց դասարանի շարադրութիւնը, որմէ ետք, 8րդ կարգի երգչախումբը ներկայացուց «Նոր Հայաստան» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը:
Ապա օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանը: Ան ըսաւ, որ հայ մշակոյթը ունի 5000 տարուայ հարուստ պատմութիւն, հարուստ գրականութիւն, ճարտարապետութիւն, որ աշխարհի բոլոր կողմերէն ճանչցուած է իր եկեղեցիներու եւ խաչքարերու ընդմէջէն, արուեստ, երաժշտութիւն, թատրոն, եւ մանաւանդ՝ համեղ խոհանոց: Ան շարունակեց իր խօսքը՝ անդրադառնալով մեր ազգային մշակոյթի հարստութեան: Ապա՝ բեմ հրաւիրելով հայկական բաժանմունքի ուսուցչուհիները եւ երգչախումբի ղեկավարները, շնորհակալութիւն յայտնեց՝ անոնց նուիրելով մէկական ծաղկեփունջ:
Թարգմանչաց տօնին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական շուրջպարով մը, որ կատարեցին 10րդ եւ 11րդ դասարանի աղջիկները:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը շրջափակին մէջ, «Սարդարապատ» գրախանութը եւ Vastrasco Inc. կը վաճառէին հայկական գիրքեր, զարդեղէններ, եւ տիկ. Ազնիւ Մարգարեան, պանիրով եւ ծօթրինով հայկական աւանդական ախորժաբեր լաւաշ հացը կը թխէր ներկաներուն համար:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)