ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Երկար ճամբորդութիւններէ վերադարձի նշաններէն մէկը է տան հեռաձայնին մէջ հաւաքուած պատգամներուն թիւը: Երկու հարիւր քսան, այս անգամ:
– Ալիք, բոլորը լսել, պատասխանելը ժամանակ պիտի առնէ: Եկո՛ւր, նախ Չարենցը աշխատինք:
– Այս բանաստեղծութիւնը ինչո՞ւ «Պատգամ» կոչուած է:
– Մէջը գաղտնի պատգամ կայ: Էջ 269-270: Նախ, վերէն վար կարդա…
– Շատ դեղնած է գիրքը, սրճագոյն է:
– Փառք տանք, որ փրկուած է:
Երիտասարդներ կը սիրեն Հայաստանի թանգարաններուն մէջ, յուշարձաններուն տակ կատարել ի՛նչ որ դասարանին մէջ սորված են: Ալիքը մինչ կը պատրաստուի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն արտասանելու Չարենցի կամարին տակ, միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէջ ընթերցանութեան կը պատրաստէ «Պատ-գամ»ը:
– Չարենցի տուն-թանգարանը մե՞ծ է:
– Տունի չափ: Վերի յարկը, հիւրասենեակին առջեւ կ՛արտասանես: Հիմա, բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տողի երկրորդ գիրը ուղղահայեաց հաւաքէ, վերէն վար:
– Ո-վ-հ-ա-յ-ժ…
– Որոշ բառեր անճանաչելի կրնան ըլլալ: 30ական թուականներուն Հայաստանի մէջ կը գործէր տարբեր ուղղագրութիւն: Բայց, դուն շարունակէ տառերը շարել:
– Ո-ղ-ո-վ-ո…
Մինչ Ալիքը տխրահռչակ պատգամին 46 տառերը հաւաքէ, ժամանակ կ՛ունենանք նաեւ «պատգամ» բառի մասին խօսելու:
– Ւ-ր-դ-ք…
Աշխարհի առաջին պատգամը հայերէն չէ եղած: Ստուգաբանները հաստատած են ասիկա: Բառը պարսկական փոխառութիւն է: Բունը «պաիգամ»: Անոր ծագումն է հին պարսկական «պաիտի-գամա» արտայայտութիւնը: Պարսկաստանի հին հոգեւոր գրականութեան մէջ այս բառը գործածուած է որպէս «լուր, տեղեկութիւն, եղելութիւն»:
– Ո-մ-ի-ա…
Բառը կու գայ «գա» բայէն, որ կը նշանակէ «քալել, գալ», ուրկէ, «գաման»՝ քայլ, «նի-գամա»՝ իջնել ու վերջապէս «պաիտի-գամա»՝ յառաջ գալ, առջեւ գալ լուրով մը: Նոյնը արամերէն «պիտ-գամա»:
– Կ-փ-ր-կ…
«Պատգամ»ը կրնայ փրկարար ըլլալ կամ՝ մահացու: Դիցաբանութեան մէջ ան Աստուծոյ կամ թագաւորի վճիռն է: Դասական շրջանին, թագաւորի խօսքն էր, անոր պատուէրը, ուրկէ յառաջացան պատգամը տանող-բերողներու յատուկ բառեր. պատգամագնաց, պատգամախօս, պատգամաւոր, պատգամաւորիլ, պատգամանի… Այս շարքի նորագոյն անդամն է «պատգամաւորական» ածականը:
– Ո-ւ-թ-յ-ո…
Ինչպէս լուրեր կը տարածուին դրացիներու միջեւ, բառն ալ տարածուած է պարսկական ծագում ունեցող կամ անկէ փոխառութիւններ կատարած հարեւան լեզուներու մէջ. սոգտերէն՝ «պատղամ», պազէնտերէն՝ «պեղամ», բելուճերէն՝ «պաիղամ», եբրայերէն՝ «բիթգամ», ասորերէն՝ «պետգամա»: Բոլորը կը նշանակեն «լուր, խօսք, վճիռ, պատուէր, հրաման, զրոյց»:
– Ւ-ն-ը-ք…
«Պատգամաբեր» բառը կը համապատասխանէ պահլաւերէն՝ «պատ-գամպար», պարսկերէն՝ «պայղամպար», «պաղամպար», քրտերէն՝ «բեղամպեր», թրքերէն՝ «պէյղամբեր» բառին, որ է Մուհամմէտ մարգարէն:
-Ո-հ-ա-վ-ա…
Հրաչեայ Աճառեանը նկատած է, թէ Արցախի մէջ եգիպտացորենին կ՛ըսեն «խամբար», որ է թրքերէն՝ «պէյղամբէր պուղտասը», բուն՝ «մարգարէի ցորեն»:
-Ք-ա-կ-ա…
Մեր ժամանակներուն, բառը ստացաւ համազգային նշանակութիւն: Հայկական բանաստեղծութեան մէջ ինքնութեան պահպանման ամէնէն զօրաւոր պատգամը եկաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Պատգամ Որդուս» բանաստեղծութեան միջոցով: Անիկա խրատ մըն էր, մայրական պատուէր՝ աշխարհի բոլոր հայորդիներուն:
– Ն-ու-ժ-ի-մ…
Իսկ Չարենցի պարագային մահաբեր դաւաճան մը դարձաւ անոր «Պատգամ»ը: Լոյս տեսաւ 1934 թուականին, «Գիրք Ճանապարհին» հատորին մէջ: Բանաստեղծութիւնը ենթարկուեցաւ գրաքննութեան:
– Ե-ջ…
Ապա, 16 Նոյեմբեր 1936ին, հարցաքննութիւն ԽՍՀՄ ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատին մօտ: Հարցաքննողները այսպէս ձեւաւորած էին իրենց հարցումը. «Ձեր «Գիրք Ճանապարհին» ժողովածուի «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ ակրոստիքոսով դուք անց էք կացրել հետեւեալ… լոզունգը»:
Եւ «Պատգամ»ը, մինչեւ այդ օր անյայտ մնացած գործը, յատուկ ծառայութիւններու նախաձեռնութեան շնորհիւ դարձաւ… առասպելական:
– Ե: Վերջացաւ, պարոն:
Եւ վճիռը… բանտարկութիւն: Տարի մը վերջ Չարենցը կը մահանայ Երեւանի բանտի հիւանդանոցին մէջ:
– Սահմռկեցուցիչ: Ինչո՞ւ, այս բոլորը:
– Միացո՛ւր տառերը:
– Ովհայժողովուրդքոմիակփրկությունըքոհավաքականուժիմեջէ:
– «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է». նորագոյն ժամանակներուն, հայ ազգին ուղղուած ամենահզօր եւ ազգայնասէր պատգամը: Լաւ, մենք նայինք հեռաձայնի պատգամներուն… Ահա, Չարենցի թանգարանի այցելութեան թուականը հաստատուած է: Լաւ լուր:
– Պարոն, բոլոր պատգամները այսպէս աւետաբեր լուրեր թող ըլլան, ո՛չ սպառնալիքներ, ո՛չ ալ մահասարսուռ վճիռներ:
– Համաձայն եմ, Ալիք:
Շատ հաւնեցայ աս գրութիւնը: Նորայր, դուն դպրոցի պարոն կ’երեւիս:
Բայց եկուր տեղ մը վիճաբանութիւն ունենանք: Տեղ մը գրեր ես.-
տխրահռչակ պատգամ
Դուն, որ բառերու վարպետ ես, միշտ ասանկ աղուոր գրութիւններով բառերուն գաղտնիքները դուրս կը հանես, կը բացատրես, չե՞ս կարծեր, որ աստեղ տխրահռչակ բառը տեղին չէ: Ճիշդ է, որ աս գրութիւնը բանաստեղծին կեանքը արժեր է, բայց պատգամը ուրախահռչակ էր եւ անանկ ալ կը մնայ մինչեւ օրս. բօզիթիւ պատգամ մըն է, կարելի չէ ասոր ըսել տխրահռչակ: Համաձա՞յն…
Համաձայն եմ, որպէս պատգամ ՝ «ուրախահռչակ»: