ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վիճաբանութիւններու ընթացքին լսուող ամէնէն ազդեցիկ, սակայն ամէնէն անհանդուրժելի նախադասութիւնն է այս.
– Խօսքս չվերջացուցի:
Ինչո՞ւ ամէնէն ազդեցիկ նախադասութիւնն է սա: Որովհետեւ, յատկապէս դէմ յանդիման գալու համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք սկսուող վիճաբանութիւնները, ընդհանրապէս իրարհասկացողութեան կը միտին: Ուրիշ խօսքով, կողմերուն միջեւ լուծում մը կը փնտռեն սոյն տեսակի հանդիպում-վիճաբանութիւններ կազմակերպողները:
Իւրաքանչիւր մարդու սեփական խօսքը իրեն համար համոզումի արդիւնք է: Մարդիկ իրենց տեսակէտին վրայ պնդելէ առաջ, լաւապէս մտածած կ՛ըլլան տուեալ հարցին դրական ու ժխտական կողմերուն մասին, վերլուծումներ կատարած կ՛ըլլան առանձնապէս, կամ՝ շատ մտերիմներու ներկայութեան: Ոմանք նոյնիսկ խորհուրդը հարցուցած կրնան ըլլալ այնպիսի անձի, որուն փորձառութիւնը եւ վայելած հեղինակութիւնը մօտէն ծանօթ է իրենց:
Ամէն մարդ իր ըսածին վրայ վստահութիւն ունենալու իրաւունքը ունի: Ասիկա կարելի է ըսել ո՛չ միայն հեղինակութիւն կամ հանգամանք ունեցող մարդոց պարագային, այլեւ բոլո՛ր մարդոց համար: Որովհետեւ ամէն մարդ իր խօսքին մէջ ճշմարտութիւն կը տեսնէ, կը վստահի իր սիրտէն բխող զգացումին եւ կը հաւնի իր միտքին մէջ երկար ատեն լղորճուած մտածումը, ու ի վերջոյ, երբեմն անդառնալիօրէն կը պնդէ իր այդ խօսքին վրայ:
«Երբեմն անդառնալիօրէն» եզրը գործածեցինք, որովհետեւ երկխօսութեան միջոցաւ յաճախ ի յայտ կու գայ ճշմարտութիւնը, որ բոլորին արտայայտած մտածումներէն ու ներկայացուցած խօսքերէն վեր է, եւ անոր հպատակութիւն յայտնելը իմաստութիւն է:
Ճշմարտութեան բացայայտումէն ետք իսկ, իր իմացածին վրայ պնդողին խօսքը լսող չըլլար այլեւս: Ոմանք իրենց գլուխը ճօճելով՝ «յիմար» կ՛անուանեն այն անձը, որ դեռ կը համարձակի ճշմարտութեան չհամապատասխանող իր տեսակէտը իբրեւ «վերջին խօսք» ներկայացնել ունկնդիրներուն, ու աւելին՝ պնդել անոր վրայ:
Ճշմարտութիւնը ամէն ինչ կը լուսաբանէ: Անիկա կը նմանի արեւու լոյսին, որ հողի մէկ հատիկէն միւսին վրայ անցնող աննշմարելի միջատին շարժումներն անգամ ի յայտ կը բերէ առա՛նց խոշորացոյցի: Երբեմն, սակայն, ճշմարտութեան խեղաթիւրման հետեւանքով դժուարութիւններ ի յայտ կու գան, որոնք մարդկային կեանքը կը վրդովեն, ամէնէն հարազատ անձերու միջեւ իսկ գժտութիւններու պատճառ կը հանդիսանան, թշնամութեան սերմերը ցանելով նաեւ իրենց չորսդին:
Վիճաբանութիւնները յաճախ չեն սեղմուիր իրենց խօսքի սահմաններուն մէջ եւ կը վերածուին կռուի, ուղղակի ֆիզիքական վնաս հասցնելով կողմերէն մէկուն կամ միւսին, եւ կամ՝ երկուքին հաւասարապէս:
Վիճաբանութիւնը, որ նաեւ «խօսքի կռիւ» կը կոչուի, երբեմն շատ աւելի սուր պայքարի կը վերածուի, քան ձեռքով կամ որեւիցէ զէնքով ի գործ դրուած կռիւը, որ յաճախ շուտով իր աւարտին կը հասնի, կողմերէն մէկուն պարտութեամբ: Մինչդեռ վիճաբանութեան կամ «խօսքի կռիւ»ին շունչը աւելի երկար է: Անիկա կրնայ կարծեցեալ դադար առնել, երբ կողմերը իրարու կռնակ դարձնելով կը հեռանան «ռազմադաշտ»էն, սակայն աւելի՝ բորբոքուած կիրքերով: Անոնք նոյնիսկ այդ դադարը կամ իրարմէ հեռացուելու ժամանակահատուածը կ՛օգտագործեն վերազինուելու համար: Թշնամին վերջնական պարտութեան մատնելու համար եթէ փամփուշտներուն մէջ թունաւոր նիւթեր կ՛աւեցնեն, այս պարագային վերազինուողները իրենց հոգին, սիրտը եւ միտքը կը լեցնեն ոխով, մաղձով եւ ատելութեան ամէնէն ստորին զգացումներով: Նոյնիսկ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարզուող զինուորներուն եթէ նախապէս «կը վայրենացնեն», ատիկա թշնամիէն չվախնալու եւ անպայման զայն զգետնելու անմիջական նպատակը ունի: Իսկ այս պարագային, ենթական ինք իր անձը ո՛չ միայն կը վայրենացնէ, այլեւ ինքնակամ կը թունաւորէ, որպէսզի թշնամիին արձակած թունաւոր նետերէն չազդուի ու թունաւորուելով «չմեռնի», այսինքն՝ չպարտուի:
Այս պայքարը յաճախ կ՛արտայայտուի, վերը մեր մէջբերած ազդեցիկ խօսքով.
– Խօսքս չվերջացուցի:
Ընդմիջումներու դիմաց ցցուող նիզակ է այս խօսքը: Այսինքն՝ ենթական մտածած է իր ըսելիքներուն մասին, տրամաբանած է նախօրօք եւ վերլուծած է իրենց միջեւ յառաջացած խնդիրը, բոլոր անկիւններէն դիտելով հարցը:
Վիճաբանութիւններու սեղանը կառավարող եւ կողմերուն միջեւ հասկացողութեան լոյսի նշոյլ փնտռող ենթական, իրաւարարի դժուարագոյն դերակատարութեան մէջ ըլլալով, երբեմն չի՛ կրնար լռեցնել զանոնք: Երկու կողմերն ալ իրենց ըսելիքը կ՛ուզեն ըսել առանց ընդմիջուելու: Ընդմիջումը, վիճաբանութեան ընթացքին, հաւասարապէս երկու կողմերուն համար պարտութեան նշան կը համարուի։
– Խօսքս չվերջացուցի:
Իրաւարար հաշտարարէն խօսելու իրաւունք պահանջելու եւ նոյնիսկ իրաւազրկուած ըլլալու իմաստը ունի նաեւ այս խօսքը: Ենթական կը ջանայ համոզել հաշտարարն ու ունկնդիրները, թէ՝ հակառակորդը նախապէս իր կատարած անիրաւութիւններով չէ՛ գոհացած ու ահա հիմա կ՛ուզէ առիթը դարձեալ օգտագործել, անգամ մը եւս հարուածելու զինք: Իսկ հակառակորդին ակնոցով, թշնամիին խօսքը ընդմիջելը, կը համապատասխանէ ճշմարտութիւնը բացայայտելու քաջութեան:
– Խօսքս չվերջացուցի:
Ուրիշ իմաստ ալ ունի այս խօսքը: Որոշ մարդիկ պատրաստաբան ըլլալու շնորհքը չունին: Միտքի արթնութիւնը առհասարակ ի յայտ կու գայ վիճաբանութեանց ընթացքին, երբ հակառակորդին արձակած «նետերը» բռնելու յատուկ կարողութեամբ կը զատորոշուին մեզմէ ոմանք: Խօսքին դիմաց խօսք հասցնելու մասին չէ՛ մեր ակնարկութիւնը, այլ՝ տրամաբանուած խօսք խօսելու եւ հակառակորդը համոզելով, զայն բարեաւ պարտութեան մատնելու ձեւին մասին պարզ բացատրութիւն մը:
Հակառակորդը եթէ գիտակից անձ է, ու մանաւանդ ինք ալ օժտուած է տրամաբանելու կարողութեամբ, կ՛ընդունի տրուած բացատրութիւնը, յատկապէս երբ իր դիմաց գտնուող անձը հեզութեամբ կը ներկայացնէ մտածումները, առանց վիրաւորանքի բանաձեւելով իր խօսքը:
– Խօսքս չվերջացուցի:
Տկար եւ պատրաստաբանելու շնորհք չունեցող մարդոց խօսքը կ՛ըլլայ այս, երբ մանաւանդ յարատեւ կրկնուելով կը կորսցնէ իր ազդեցութիւնը: Վիճաբանութեան մը ընթացքին, առաւելագոյնը մէկ անգամ կարելի է այս խօսքը գործածել, պահելու համար զայն իր բարձրութեան վրայ: Անոր երկրորդ անգամ լսուիլը նոյն ենթակային բերնէն, կը տկարացնէ ո՛չ միայն անձը, այլեւ անոր պաշտպանած թէզը:
Խօսքդ միանգամընդմիշտ ըսելու եւ վերջացնելու համար, պէտք է հեզութեամբ դիմակալես հակառակորդէդ եկող յարձակումները, ու ապա, համոզիչ լեզու գործածելով, տրամաբանական ելք փնտռես ձեր միջեւ ծագած խնդիրին: