ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան պատուիրակութեան կողմէ 31 Հոկտեմբերին եւ 1 Նոյեմբերին Իրան տրուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախաստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ կազի առուծախի եւ տարանցման վերաբերեալ:
Յուշագիրը նախաստորագրուած է Իրանի կազի արտածման ազգային ընկերութեան եւ «Էներգաիմպեքս» ընկերութեան միջեւ: Փաստաթուղթը յառաջիկային, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի ստորագրութեան:
Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հ. Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իրանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ուժանիւթի ոլորտի պատասխանատուներուն հետ: Իրանի նաւթի նախարարի տեղակալ, կազի ազգային ընկերութեան տնօրէն Հ. Արաղի եւ Իրանի կազի արտածման ազգային ընկերութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Ա. Ամիրանիի հետ քննարկուած են կազի բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու գործակցութեան ներկայ վիճակը եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման, մասնաւորապէս Հայաստանի տարածքով դէպի երրորդ երկիրներ կազի տարանցման հեռանկարները:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Իրանի ուժանիւթի նախարարի տեղակալ Հ. Ֆալահաթիանի եւ նախարարի խորհրդական Հ. Հայըրիի հետ: Հանդիպումներուն առանցքը կազմած են ելեկտրականութեան բնագաւառին մէջ հոսքերու քանակը աւելցնելու հարցերը՝ նկատի առնելով տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները: Կողմերը անդրադարձած են ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերու առկայ թողունակութեան ծիրին մէջ Հայաստան–Իրան–Վրաստան փոխհոսքերը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ սպասուող նոր ենթակառուցուածքներու գործարկումէն ետք Իրան–Հայաստան–Վրաստան–Ռուսիա տարածաշրջանային համագործակցութեան։
Հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է իրանական «Մափնա» ընկերութիւն, որ մտադիր է ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ՝ հողմային կայաններու կառուցման բնագաւառին մէջ: Խօսքը առաջին փուլին 50 մեկավաթ ընդհանուր հզօրութեամբ կայաններու կառուցման մասին է:
Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Իրան-Հայաստան բարձրավոլթ երրորդ ելեկտրագիծի կառուցման գլխաւոր կապալառու «Սանիր» ընկերութիւն: Քննարկուած են բարձրավոլթ գիծի կառուցման հետ կապուած հարցեր: