ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հիմնադրամին օրինագիծը առաջին ընթերցումով հաստատուեցաւ, բայց կը թուի, թէ տակաւին հնարաւորութիւն կայ զայն բարեփոխման ենթարկելու:
Իշխանութեան գլուխ կանգնած ՀՀԿի ղեկավարներէն Վահրամ Պաղտասարեանը երէկ ակնարկած է պարտադրելու բաժինը օրինագիծէն հանելու մասին՝ զայն փոխարինելով կամաւոր նուիրատուութեան բանաձեւումով: Այդ պարագային, Ազգային ժողովին կողմէ հաստատման հարցը անիմաստ կը դառնայ:
Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն վեր է նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելը: Ուրեմն, համաժողովրդական մասնակցութեան լուծումը պէտք է անպայմա՛ն գտնել: Սփիւռքի մասնակցութիւնը կազմակերպելու խնդիրը կը մնայ հարց, պարզ այն պատճառով, որ մենք վարժուած չենք փոքր բայց կանոնաւոր նուիրատուութիւններ կատարելու:
Այս հարցը պէտք է լուծել: Մեծ նուիրատուութեանց պարագային, իբրեւ շահագրգռող ազդակ՝ գոնէ արեւմտեան աշխարհի եւ մանաւանդ Ամերիկայի տարածքին, նուիրատուներուն հարկային զեղչեր ապահովելու կարելիութիւնը մի՛շտ կը մատուցուի, որուն համար ալ կարեւոր է բարեսիրական միութեան մը ճամբով կատարել փոխանցումը:
Այս պարագային, նկատի առնելով, որ համաժողովրդային տարողութիւնն է, որ ցանկալի է եւ կը հետապնդուի, կարելի է ուղղակի փոխանցման ճանապարհ մը ստեղծել: Այսինքն, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, հաստատել այդ յատուկ հիմնադրամին դրամատնային հաշուեհամարը, ծանուցել զայն աշխարհով մէկ՝ զուգահեռաբար ստեղծելով «քրետիթ քարտ»ով վճարում կատարելու հնարաւորութիւնը: Նուիրատուները կրնան կարգադրել, որ իրենց ամսական քսան, երեսուն, յիսուն տոլար կամ աւելի գումարները փոխանցուին հիմնադրամին: Հարկային զեղչն ալ, այս պարագային, թող չըլլա՛յ:
Միացեալ Նահանգներու պէս հսկայ երկիր մը իր զինուորներուն նման օժանդակութիւն չի տարյ այնքան որ գիտեմ: Կան զանազան վեթերաններու յատուկ կազմակերպութիւններ, բայց ոչ պետական նպաստ: Թող սորվին ամենափոքր Հայաստանէն, ինչպէս հոգալ վեթերաններու ընտանիքներուն: