ՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 20ին աւարտեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ու Իրաքի աղէտեալ հայ բնակչութեան ի նպաստ՝ Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամին կազմակերպած «Ֆոնեթոն-2016»ը:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ին՝ Փարիզի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Մարսէյի հեռաձայնային կեդրոններէն մօտաւորապէս 700 կամաւորներ, չորս օրերու ընթացքին, հեռաձայնած են 46,000 ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու. իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղած է 4 երկիրներէ՝ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն, ձեռք ձգել մօտաւորապէս 1.34 միլիոն եուրոյի հասնող նուիրատուութեանց խոստում, ինչ որ անցեալ տարուան հանգանակութենէն 1 տոկոս աւելի է։
Յատկանշական է, որ 1700 նոր անուններ աւելցած են նախորդ տարիներու նուիրատուներու ցանկին վրայ, նուիրատու ընտանիքներուն եւ ընկերութիւններուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 10,200ի:
Հանգանակուած գումարները պիտի գործածուին գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստանի մէջ Տաւուշի սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն տուժած շրջաններուն եւ Հալէպի ու Մուսուլի հայ բնակչութեան օգնելու:
Տակաւին կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել՝ այցելելով www.fondsarmenien.org կայքը, կամ մինչեւ Յունուար 15 դիմելով 0810-24-24-24 թիւին: