ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «Իմ Արցախը» խորագիրը կրող «Հեռուստամարաթոն 2016»ին ընդառաջ, Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան Միացեալ Նահանգներ ժամանած են:
Նոյեմբեր 18ին, փոխվարչապետ Աղաբեկեան եւ Պարգեւ սրբազանը հիւրընկալուած են Ամերիկայի մէջ գործող շարք մը հայկական պատկերասփիւռի կայաններու կողմէ՝ խօսելով մասնաւորապէս Արցախի ընկերատնտեսական կեանքին մէջ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին:
Արթուր Աղաբեկեան իր ելոյթներուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Ապրիլեան պատերազմին հետեւանքներուն եւ զանոնք յաղթահարելու գործին մէջ համահայկական ջանքերուն անհրաժեշտութեան մասին:
Նոյեմբեր 19ին, հանրապետութեան փոխվարչապետն ու թեմի հոգեւոր առաջնորդը հանդիպած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու վարչական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Փոխվարչապետը բարձր գնահատած է անոնց դերը թէ՛ հայապահպանման, եւ թէ ազգային այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն մէջ: Կողմերը քննարկած են Արցախի ախահովութեան եւ ընկերատնտեսական զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր: Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու իրենց աջակցութիւնը Արցախի զարգացման գործին, յատկապէս՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Իմ Արցախը» ծրագիրին միջոցաւ, որ նպատակ ունի վերականգնել Արցախի տուժած բնակավայրերը: