ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդավարական կարգերով երկիրներուն համար լրատուական դաշտի ազատութիւնը նոյն ինքն այդ կարգերուն բարձր վարկանիշ ապահովող ցուցանիշ է:
Եթէ երկիր մը, ի գին իր միջազգային վարկին ու հեղինակութեան, ուզէ սահմանափակել այդ դաշտը, ապա ստիպուած է դիմելու սանձող համակարգի մը ստեղծման՝ արգիլելով, օրինակ, Facebook-ի եւ նման հարթակներու օգտագործումը իր տարածքէն ներս: Հնարաւո՛ր է, սակայն նոյնիսկ այսպիսի պարագաներու, «անբաղձալի» տեղեկութիւնը որեւէ սահմանէ սպրդելու հնարաւորութիւն կը գտնէ:
Լուրերէն անդին՝ բաց, ազատ քննարկումներն են, որոնք կրնան խնդրայարոյց նկատուիլ ուժի կեդրոններուն համար, որոնք պիտի նախընտրեն, որ իրենց հաստատած շրջագիծերէն ներս միայն ընթանայ միտքերու արծարծումը:
Մակերեսային, անհիմն, սուտ ու սխալ տեղեկութեանց վրայ հիմնուած՝ յստակ միտում ու նպատակ հետապնդող քննարկումները պէտք չէ վախցնեն ու չեն վախցներ ոեւէ մէկը: Ի վերջոյ, քիչ թէ շատ խելօք հասարակութեան համար, նման վերլուծումներ ու քննարկումներ, լաւագոյն պարագային, տաղտկալի կրնան համարուիլ եւ դրական կամ բացասական եղանակ չեն կրնար ստեղծել:
Տեղեկութեանց դաշտը կառավարել փափաքող իշխանաւորներուն համար վտանգաւոր քննարկումները անոնք են, որոնք կրնան համոզիչ հիմնաւորումներ ունենալ՝ միտք ու կեցուածք կոփող գործիք դառնալով: Այսօրինակ քննարկումները կրնան սպառնալի նկատուիլ, մանաւանդ եթէ խնդրոյ առարկայ դարձնեն իշխանութեան գործողութիւններուն նպատակայարմարութիւնը, կամ՝ օրինականութիւնը:
Մեր հայրենիքը պատերազմի մէջ ըլլալով, հասկնալի է, որ իշխանութիւնները առաւել նախանձախնդիր կ՛ըլլան լուրերու, տեղեկութեանց ու բաց քննարկումներու կառավարելիութիւնը ապահովելուն: Ժողովրդավարական յատկանիշներով պետութիւն ըլլալու պատկերացումը ցանկալի ու շահեկան նկատող մեր պետութիւնը, լուրերու ու վերլուծումներու կառավարումը թաքուն եւ աննկատելի ճանապարհներով իրագործելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ, եւ պէտք է ըսել, որ բաւական յաջողած է այդ ուղղութեամբ: Աւանդական միջոցներով (թերթ, պատկերասփիւռ եւ ձայնասփիւռ) տեղեկատուութիւնը կը հակակշռուի ծանօթ անուղղակի ճանապարհներով (դրամով): Միւս միջոցներն են, որոնք գլխացաւ կը պատճառեն՝ հետզհետէ աւելի լայն եւ յատկապէս երիտասարդ շրջանակներ ընդգրկելով: Գլխացաւի դեղը, այս պարագային, բռնի ճնշումները չե՛ն կրնար ըլլալ: