ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ Կիրակի, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ մասնակցած է ծառայողական պարտականութիւններու բարեխիղճ կատարման եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ թանկարժէք նուէրներով խրախուսելու համար՝ զանոնք ինքնաշարժներով պարգեւատրելու հանդիսաւոր արարողութեան: