ԵՐԵՒԱՆ.– 16 Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ կայացաւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով ռուս-ատրպէյճանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը, որուն ընթացքին կը քննարկուին ռազմակազմածներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը: Ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին, որ Պաքու հասած էր օր մը առաջ:
«Նեզաւիսիմայա Կազեթա» ռուսական թերթը գրած է, որ Ռոկոզինի աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը յագեցած է: Նիստէն ետք ան հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Թերթը գրած է, որ այցելութեան մասին նախապէս չէր յայտարարուած եւ Պաքուի մէջ շատերու համար անակնկալ էր: Պատուիրակութեան մաս կազմող Ռազմակազմածներու համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան փոխտնօրէն Անտրէ Պոյցովի ներկայութիւնը կը վկայէր այն մասին, որ գլխաւոր հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին ռազմական կազմածներու վաճառքը:
Թերթին համաձայն՝ այցելութեան հետեւող ատրպէյճանցի փորձագէտները համաձայն չեն աւելի կանուխ «Կոմերսանտ»ի մէջ տեղ գտած այն պնդման, թէ Ռուսիոյ գործընկերները Պաքուի մէջ «ժխտական արձագանգած են անոր կողմէ Հայաստանին «Իսքանտեր» համալիրներու մատակարարման»:
Թերթի հետ զրուցելով՝ ռազմական փորձագէտ Նապիր Սաքիթօղլու ըսած է. «Պաքուն հանգիստ ընդունած է այդ լուրը. Ռուսիան իրաւասու է ինքնուրոյն որոշելու՝ որու ի՛նչ պիտի ծախէ», բացի ատկէ, «Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ պատերազմի չի պատրաստուիր»: Սակայն Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարունակին մէջ «իրաւասու է Մոսկուայէն երաշխիք ստանալ այն մասին, որ Երեւանին փոխանցուած սարքերը, հակազդակ համակարգերը եւ այլ սպառազինութիւններ չեն յայտնուիր Ղարաբաղի մէջ»: