ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, «Սի.Էն.Պի. Սի», «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արհեստագիտութեան մարզի ճարտարագէտներ, ձեւաւորողներ ու պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ «Կուկըլ»ի, «Այ.Պի.Էմ.»ի, «Սլեք»ի եւ «Սթրայփ»ի ներկայացուցիչներ, յայտարարեցին, թէ երբեք մասնակից պիտի չդառնան ցեղային կամ կրօնական հաւաքականութեան մը անդամներուն անունները ցանկագրելու առաջարկներուն՝ ազդարարելով, որ նման քայլ մը կրնայ թիրախ դարձնել տուեալ հաւաքականութիւնը։
Անոնք յայտարարեցին, թէ պիտի նախընտրեն իրենց պաշտօններէն հրաժարիլ, եթէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչակազմը նման ցանկեր պատրաստելու պարտադրանքին տակ դնէ իրենց ընկերութիւնները։
Անոնց կոչը հակադարձութիւն մըն էր նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր խորհրդականներուն այն առաջարկներուն, թէ երկրի իսլամ հպատակներուն անուանացանկը պէտք է պատրաստուի՝ ահաբեկչական արարքներու առաջքը առնելու ջանքերուն ծիրէն ներս, կամ արխիւ մը պէտք է գոյացուի՝ ապօրինի գաղթականներուն արտաքսումը դիւրացնելու համար։
Իրենց յայտարարութեան մէջ մասնագէտները նշած են խտրականական նման ցանկեր պատրաստելու բացասական հետեւանքները՝ տալով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզման եւ Ամերիկայի ճափոնցիները մեկուսացման ճամբարներու մէջ պահելու օրինակները եւ ազդարարելով, որ ցեղասպանութիւնները միայն անցեալին չեն պատկանիր։