ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը մասնակցութիւն բերած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մասնագէտներուն եւ Հարաւային Կովկասի հետազօտութեանց ամերիկեան հիմնարկին տրամադրած գումարին շնորհիւ՝ Հոկտեմբերին Ախալցխայի Ծուղրութ գիւղին մէջ իրականացած Ծուղրութի Աւետարանը նորոգելու եւ պահպանելու իւրայատուկ նախաձեռնութեան։
Արդարեւ, Հայագիտական ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ Պրենտըրպըրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) մագիստրոսի ուսանող Արուսիակ Պալտրեան հեղինակած են այս ծրագիրին համար վերոյիշեալ հիմնարկէն աջակցութիւն ապահովելու դիմումը, որուն տրամադրումը նպաստած է ծրագիրի իրականացման։
Ծուղրութի հազարամեայ Աւետարանը 1830 թուականէն ի վեր խնամքով պահպանուած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է Սապունճեան ընտանիքին կողմէ. անիկա գիւղին սուրբ մասունքը կը նկատուի:

Մատենադարանի վերականգնման բաժինի վարիչ դոկտ. Գայիանէ Էլիազեան, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ՝ Արտաւազդ Այվազեան, Արթուր Պետրոսեան եւ Լուսին Մարգարեան, իրենց հետ բերած շարժական տարրալուծարանի սարքերուն օգտագործումով՝ տեղւոյն վրայ իրականացուցած են վերականգնման աշխատանքը, ինչ որ «մեծ յաղթանակ» համարուած է Էլիազեանի կողմէ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է որ նման աշխատանք կատարուած է Մատենադարանէն դուրս։ Ան վսատեցուցած է, թէ նոր կեանք ստացած ձեռագիրը երկար կեանք պիտի ունենայ:
Ծուղրութի Աւետարանը ընդօրինակուած է 974ին: Գրչութեան վայրը եւ մանրանկարիչը յայտնի չեն: Գրիչին անունը Յովհաննէս է։ Մասնագէտներու կարծիքով՝ անիկա իւրայատուկ է ձեռագիրը զարդարող իր մանրանկարներու արտայայտչականութեամբ եւ պատկերագրութեան ինքնատիպութեամբ: