ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին տեղի ունեցան չորս տարբեր միջեկեղեցական հաւաքներ:
Օրը սկսաւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու համատեղ ժողովով, որուն մասնակցեցան Ղպտի, Ասորի եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Ժողովը կը միտէր նշեալ եկեղեցիներու առաւել սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ 2017ին միասնական միջոցառումներու կազմակերպման:
Կէսօրին կայացաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Քրիստոնէական համագումարի Հաւատք եւ կարգ յանձնախումբի հերթական հանդիպումը, որուն հիմնական նիւթը՝ Քաղկեդոնի 451 թուականի ժողովին իբրեւ հետեւանք առաջ եկած եկեղեցիներու բաժանման հանգամանքներուն եւ միութեան հնարաւոր հեռանկարներու վերլուծումն էր: Հիւրընկալ եկեղեցւոյ կողքին, ժողովին ներկայ էին Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Լուտերական եկեղեցւոյ երկու հիմնական ճիւղերուն, Քրիստոսի աշակերտներու եկեղեցւոյ, Ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ասորիքի արեւելեան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ:
Կ.ե. ժամը 3ին կայացաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Քրիստոնէական համագումարի հերթական հաւաքը, որուն մասնակցեցան շուրջ տասը տարաբնոյթ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համագումարին հիմնական նիւթը՝ Գործ Առաքելոցի 4:23-37 համարներու սերտողութիւն-վերլուծութիւնն էր, որուն յաջորդեցին խմբային քննարկումներ:
Վերջապէս, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան 7րդ միջեկեղեցական աղօթքի երեկոն, որուն ընթացքին աւանդաբար պատուի կ՛արժանանան Լոս Անճելըսի միջեկեղեցական անդաստանէն ներս մեծ վաստակ ունեցող անհատներ կամ կազմակերպութիւններ: Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր Մերի Էն եպս. Սուէնսըն՝ Միացեալ Կարգախնդիր եկեղեցիէն: Այս տարի պատուի արժանացողը Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչ հայր Ալեքսէյ Սմիթն էր, որ տասնեակ տարիներ շարունակ իր անխոնջ ծառայութիւնը բերած է Լոս Անճելըսի մէջ գործող յարանուանութիւնները իրարու մօտեցնելու գործին:
Երեկոյին ընթացքին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Մայր տաճարի գլխաւոր բարերար Լեւոն Պարոնեանի, վերջերս Քոլոմպիոյ մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածի մը եւ Օքլընտ քաղաքին մէջ հրդեհի մը իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն, 1988ի Դեկտեմբեր 7ին Հայաստանի երկրաշարժին եւ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն զոհ գացած բազմաթիւ անձերու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:
Միջեկեղեցական աղօթքի արարողապետն էր Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան:
Երեկոյին անմիջապէս յաջորդեց ոսպով ապուրի հիւրասիրութիւն, որ կազմակերպուած էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Բարի Սամարացիներ» կազմակերպութեան կողմէ: Կազմակերպութեան նպատակն էր նիւթապէս սատար կանգնիլ թեմի տարածքին եւ հայրենիքի մէջ գտնուող անապահով հայ ընտանիքներուն: Առաջնորդը գնահատեց այս կազմակերպութեան մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները:
Հոգեւորականներն ու հաւատացեալները հոգեպէս մխիթարուած եւ խոր տպաւորութիւններով վերադարձան իրենց բնակարանները: