ԵՐԵՒԱՆ.– Իրանի արտաքին գործոց նախարարի՝ Ասիոյ, Ովկիանիայի եւ ԱՊՀ երկիրներու հարցերով տեղակալ Էպրահիմ Ռահիմ Փուրը այցելած է Հայաստան։ Այս մասին կը յայտնէ իրանեան «ԻՌԻՊ» լրատուական գործակալութիւնը:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ արտաքին գործոց փոխնախարարը Ղազախստան եւ Ղրղզիստան կատարած այցելութենէն ետք հասած է Հայաստան: Կը նախատեսուի, որ Փուր Հայաստանի պաշտօնատարներու հետ քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր: