ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոս՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ յունական զինուժը հայկական զինուած ուժերը կը նկատեն եղբայր, իսկական եղբայր, որովհետեւ երկու ժողովուրդները կողք-կողքի անցած են դժուար փուլեր, եւ անոնց գործակցութիւնը կը շարունակուի՝ անկախ տարածաշրջանի զարգացումներէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական»ը։
Նախարար Սարգսեան իր կարգին շեշտած է, որ յոյն պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանայն մարտահրաւէրներուն, որոնք, ցաւօք սրտի, աւելի կը սաստկանան թէ՛ Կովկասի եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Քննարկուած են նաեւ գործակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ Յունաստանի հետ եւ Յունաստանի միջոցով՝ Եւրամիութեան, որոնք կ՛առնչուին միջազգային խաղաղապահութեան ու այլ խնդիրներու: Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի մօտեցումը Արցախի առնչուած անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ: Յոյն լրագրողները նախարարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած են Թուրքիոյ ապակառուցողական դերին՝ յիշելով արցախեան տագնապը:
«Մենք իրականում մեծ մտահոգութեամբ ենք արձանագրում, որ Թուրքիան շարունակում է բաց եւ փակ տարբեր հնարաւորութիւններով աջակցել Ադրբեջանին ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը ռազմական ճնշման միջոցներով փոխարինելու տեսակէտից: Դա չի նպաստում տարածաշրջանում անվտանգութեան մակարդակի բարձրացմանը, եւ յոյսով ենք, որ տարածաշրջանի երկրները աւելի հաւասարակշիռ կը մօտենան արցախա–ադրբեջանական բարդ խնդրի լուծմանը», յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Նոյն ձեւով արձագանգած է նաեւ յոյն նախարարը, որ անդրադարձած է նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ թէ՛ հայերուն, եւ թէ Պոնտոսի յոյներուն պարագային:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ կողմերը ինչպէ՛ս կրնան գերազանց յարաբերութիւններ պահպանել, մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայել՝ գտնուելով տարբեր ռազմաքաղաքական դաշինքներու մէջ. նախարար Քամենոս արձագանգած է. «Այսօր ալ կողք կողքի ենք»: Իր հերթին, Սարգսեան նշած է, որ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ բաժանարար գիծեր, որոնք կը խանգարեն գործակցել միացեալ շահերէն բխող հարցերու մէջ:
«Դաշինքներն ունեն մէկ խնդիր՝ բարձրացնել ժողովուրդների եւ պետութիւնների անվտանգութեան մակարդակը: Կան ոլորտներ, որտեղ մարտահրաւէրները համընկնում են, գումարած ահաբեկչութեան նոր ձեւերը, այնպէս որ՝ այլ դաշինքներում լինելը չի ենթադրում շահերի հակադրում: Հետեւաբար, մենք տեսնում ենք շատ ոլորտներ, որտեղ կարող ենք հեշտութեամբ փոխգործակցել՝ առանց հարցականի տակ դնելու մեր հիմնական անվտանգային դաշինքներում պարտաւորութիւնները կամ մեր հաւատարմութիւնը», ամփոփած է նախարար Սարգսեան: