ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, քրտամէտ Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան անդամ հինգ համաքաղաքապետներ եւս ձերբակալուեցան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին: Այժմ, քրտամէտ 45 քաղաքապետարաններէն 69 համաքաղաքապետներ կալանքի տակ կը գտնուին։ Անոնց մեծ մասին փոխարէն, պետութեան կողմէ վերահսկիչ նշանակուած է այդ քաղաքներուն մէջ:
Նշենք, որ 2014ի տեղական ընտրութիւններուն արդիւնքներով, Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան անդամներէն 106ը քաղաքապետ ընտրուած էին: