ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի հովանաւորները ամանորեան իրենց սրտի խօսքն ու մաղթանքները կը վստահին խմբագրութեան: Որքա՛ն ալ փորձենք նոր, թարմ բանաձեւումներ գտնել, դժուար է իւրաքանչիւր հովանաւորի փափաքած իւրայատկութիւնը ապահովել: Ատոր համար ալ թերթի ողնասիւնը կազմող մեր բոլոր հովանաւորներուն ներողամտութիւնը կը խնդրենք:
Բարեբախտաբար, մեզմէ ակնկալուածը մաղթանքներուն մէջ հայրենասիրական շեշտ մը դնելն է, ինչ որ պէտք չէ՛ այնքան ալ դժուար ըլլայ:
Ամանորեայ ամէնէն ընդհանրացած մաղթանքը պէտք է, անպայմա՛ն, Հայոց բանակի հզօրութեան ու հայ զինուորի անփորձանք ծառայութեան մեր հաւաքական բուռն ցանկութիւնը արտայայտէ:
Ապա՝
Ամրութի՛ւն՝ հայոց պետականութեան սիւներուն,
Խաղաղութի՛ւն՝ Արցախին,
Վե՛րջ՝ Սուրիոյ հայութեան տառապանքներուն, արժանապատիւ կեանք՝ համայն հայութեան,
Դիւանագիտական նուաճումներ՝ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհին,
Ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամք ու վճռականութիւն՝ սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդին,
Մեր ժողովուրդի յաւերժութիւնը երաշխաւորելու տեսիլք՝ մեր առաջնորդներուն ու ղեկավարներուն,
Սփիւռքահայութեան՝ հայրենաբաղձութիւն,
Ստեղծագործական թռիչք՝ մեր արուեստագէտներուն, գրողներուն, երաժիշտներուն,
Համերաշխութիւն՝ ազգային բոլոր քաղաքական եւ հասարակական հոսանքներուն միջեւ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք: Լայնախոհութի՛ւն ու հանդուրժողութի՛ւն՝ բոլորի՛ս, իբրեւ նախապայման՝ համընդհանուր համերաշխութեան: Սէր եւ միութիւն, կ՛ըսեն մեր մեծերը…
Շարքը կրնայ երկարիլ, շա՜տ երկարիլ: Մինչեւ Նոր Տարի, եթէ դուք ալ ունիք հայրենասիրութեան շունչով գրուած մաղթանքներ, ուղարկեցէ՛ք խմբագրութիւն, եւ մենք կը հրապարակենք զանոնք:
Թող հայ ժողովուրդին բոլո՛ր իղձերը իրականանան: Թող ազգային մեր բոլո՛ր կառոյցները ծաղկին ու հզօրանան:
Թող մեր բարերարներուն հայեացքները մերթ ընդ մերթ ուղղուին նաեւ մեր համայնքին 108 տարիներ հաւատարմօրէն ծառայած «Ասպարէզ»ին։