ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- «Ուիթիըր Տէյլի Նիուզ» թերթը կը հաղորդէ, որ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդը իր Դեկտեմբեր 1ի ժողովին ընթացքին, 1ի դէմ 4 քուէներով որոշեց քաղաքի գանձապահ նշանակել Աշոտ Մուրատեանը՝ այդ պաշտօնին համար նոր ընտրութիւն մը կատարելու փոխարէն։
Քաղաքի գանձապահի պաշտօնը թափուր մնաց, երբ 2015ի տեղական ընտրութեանց ընթացքին այդ պաշտօնին ընտրուած Չարլզ Փելը անցեալ Նոյեմբերին որոշեց հրաժարիլ։
Նշենք, որ Աշոտ Մուրատեան գանձապահի պաշտօնի թեկնածուներէն մէկն էր 2015ի ընտրութիւններուն, սակայն երկրորդ դիրքը գրաւած էր՝ ապահովելով քուէներուն 28 տոկոսը։
Մուրատեանի նշանակման ի նպաստ արտայայտուած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ նախորդ քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, յիշեցնելով, որ Մուրատեան վերջին հինգ տարիներուն, իբրեւ Մոնթեպելլոյի Ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ՝ արժէքաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է քաղաքին։
Նշենք, որ նշեալ յանձնաժողովին անդամ նշանակուելէն առաջ, Մուրատեան անդամ էր քաղաքի Երթեւեկութեան ու ապահովութեան յանձնաժողովին:
Մուրատեանի նշանակման ի նպաստ արտայայտուած է նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ նախկին քաղաքապետ Պիլ Մոլինարի, վստահեցնելով, որ ան բաւարար փորձառութիւն ունի ստանձնելու համար այս պաշտօնը։
Մոնթեպելլօ ծնած եւ հասակ նետած Մուրատեան Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է: Ան գործարարութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ իրաւաբանութեան տիտղոսը՝ «Սաութուես»չ համալսարանէն, որմէ ետք իրաւաբանութեան ասպարէզ նետուած է 1998ին:
2007էն 2016 ան կը պաշտօնավարէր Քալիֆորնիոյ իրաւաբանական միութեան մէջ ու դատավարութեանց բարձրաստիճան խորհրդատու մըն է:
«Առաւելագոյնս պիտի ընեմ արդար եւ թափանցիկ աշխատանք տանելու, օգտակար ըլլալու համար քաղաքապետական խորհուրդին», յայտարարած է Աշոտ Մուրատեան: