ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի դէմ քայլ է՝ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումը միջազգային կառոյցի մը մենաշնորհը դարձնելը, այսպէս յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Պաքու պիտի շարունակէ այս հարցը դնել միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններու օրակարգերուն վրայ, քանի դեռ հայկական բռնարարքներուն հետեւանքները կը մնան, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնած», ըսած է ան։