ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ծառայութեան տարի հռչակուած էր այս անցնող տարին: Մեր հասարակութեան մէջ կան ահագին վաստակ ունեցող բազմաթիւ գործիչներ, նուիրեալներ, զորս պէտք է գնահատէինք այս տարուան ընթացքին, բայց… թերացա՛նք:
Թերեւս այս թերացումը մասամբ սրբագրելու համար էր, որ ներկայ եղանք Հայ Օգնութեան Միութեան Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղին հիմնադրած շաբաթօրեայ վարժարանի բացման հանդիսութեան (թղթակցութիւնը՝ կարդալու համար սեղմել այստեղ)։
Ամէն անգամ, երբ բարձրանամ կեդրոնի մուտքի աստիճաններէն, չեմ կրնար երախտագիտաբար չյիշել Թիմիկ Մարտիրոսեանի բարերարութիւնը եւ շէնքը աղիւս առ աղիւս բարձրացնող այն նուիրեալներուն քրտինքը, որոնք այս՝ արդէն իսկ կենդանի, շնչող ու հայկական կեանքով տրոփող շէնքին համար կանաչ ճանապարհ բացին: Վեց տարուան մէջ ահագին ճամբայ կտրած կեդրոնը, այդ օրը իր դռները կը բանար նաեւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցին՝ աւելի՛ եւս իմաստաւորելով իր շինութիւնը:
ՀՕՄուհիները այդ օրը երջանիկ էին, հպա՛րտ, որ երիտասարդ հայ ընտանիքներուն կը մատուցէին նշանակալի ծառայութիւն՝ անոնց երեխաներուն հայկական միջավայր տրամադրելով, հայերէն գիրին ու հայ մշակոյթին ծանօթացնելով: ՀՕՄուհիները նաեւ հպարտ էին՝ տեսնելով իրենց աշխատանքի արդիւնքը՝ փոքրիկ աշակերտներու յանդուգն ու համարձակ երգն ու արտասանութիւնը: Պէտք էր տեսնել ծնողներուն, պապիկ-մամիկներուն ուրախութիւնը. անոնք իսկակա՛ն «փափարացիներու» նման, ամբողջ հանդէսին ընթացքին նկարահանող գործիքները վար չդրին՝ յաւերժացնելով իրենց զաւակներուն ու թոռներուն հայերէն թոթովանքը:
Շաբաթօրեայ դպրոցը արդէն իսկ իրականութիւն է, եւ վստահաբար, անոր աշակերտներուն թիւը ամիսէ ամիս պիտի աւելնայ: Պըրպենքի մէջ, տարուէ տարի, հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մը կարիքը ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ, եւ կը յուսանք, որ Հայ կեդրոնին շուրջ հաւաքուած միութիւններու ընտանիքը վերցնէ նաեւ ա՛յդ մարտահրաւէրը եւ մօտ ապագային համայնքը օժտէ հայկական կրթօճախով մը:
ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն վարձքը կատա՛ր: Ուժ եւ եռանդ կը մաղթենք՝ իրենց բազմաճիւղ բարեգործական առաքելութեան մէջ, որ ոչ միայն կ՛ընդգրկէ տեղւոյն հայ համայնքին ուղղուած ծառայութիւններ, այլեւ կը տարածուի մինչեւ հայրենի ափեր։
Իսկապէս գնահատելի է ՀՕՄի այս նախաձեռնութիւնը: Ապրին (Կեցցեն) բոլորը: