ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016ը պատմական օր մը հանդիսացաւ ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղին համար: Նոյն օրը կէսօրին, Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ մասնաճիւղի երկար տարիներու երազանքը հանդիսացող շաբաթօրեայ վարժարանին:
Կրթական գեղեցիկ այս նախաձեռնութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, թէ ինք արթուն պահակն է հայկական մեր մշակոյթի գոյատեւման եւ մայրենի մեր լեզուի յաւերժացման: Պատմական այս իրականութեան մասնակից դառնալու համար, կեդրոն փութացած էին ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանի ծնողները, ՀՕՄի անդամներն ու բազմաթիւ հիւրեր: Հոն էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան, «Ասպարէզ»ի գլ-խաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան, ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարօ Փափազեան, նոյն մարմինի անդամներ ատենապետ Սոնա Մատարեանն եւ Անի Կիրակոսեան, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի փոխհերթապահ Ռաֆֆի Յակոբեան, Պըրպենքի Հանրային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի անդամ Արմոնտ Աղախանեան, մասնաճիւղի ատենապետուհի Հուրի Դաւիթեան ու բազմաթիւ կրթասէրներ:
Հանդիսականներու շարքին հետաքրքրական էր տեսնել մանաւանդ նորաբաց վարժարանի աշակերտներու մեծ մայրեր ու մեծ հայրերը, որոնք եկած էին ըմբոշխնելու եւ հպարտանալու իրենց թոռնիկներու մայրենի լեզուով ելոյթներուն:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն եւ նորաբաց վարժարանի կրթական մարմինի անդամ Վիքի Մարաշլեան, որ առաջին հերթին ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու ձեռնարկի բացումը ազդանշող քայլերգնեը. Ամերիկայի եւ ՀՕՄի քայլերգները մեներգեց մասնաճիւղի անդամներէն երէցկին Սիլվա Թորոսեան, իսկ Հայաստանինը՝ վարժարանի սիրասուն աշակերտները:
Ապա, հանդիսավար Վիքի Մարաշլեան բարի գալուստի քաղցր խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ բացատրելով ՀՕՄի առաքելութիւնը՝ կարեւորեց հայապահպանման, մայրենի լեզուի եւ հայկական մշակոյթի ուսուցման կարեւոր օրրաններէն նկատուող ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի բացումը։ Վարժարանը արդէն իսկ կը յաճախեն 21 փոքրիկներ:
Ընկերուհին հպարտանքով ներկայացուց ազգանպաստ դժուար այս պարտականութիւնը կատարող նուիրեալ ուսուցչուհիները՝ Փառքուհի Խաչիկեանն ու Անի Բաբիսեանը, ինչպէս նաեւ իրմէ անկախ անոնց կողքին վարժարանի բարգաւաճման նպաստող վարժարանի կրթական մարմինի անդամներ Մարօ Քէշիշեանն ու Մարօ Չալեանը: Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ վարժարանի կողքին գործող ծնողական յանձնախումբի գոյութիւնը եւ վստահեցուց, թէ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղի նորաբաց այս կրթօճախը ընդարձակելով իր հորիզոնները պիտի ծառայէ իր նպատակին:
Մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Հուրի Դաւիթեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց ծնողներուն, վարժարանին հանդէպ ցուցաբերած իրենց հաւատքին համար, բարձր գնահատեց ուսուցչուհիներու զոհաբերումը, որուն կենդանի օրինակը ընթացող հանդիսութիւնն է եւ ընդգծեց՝ ըսելով. «ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի տարիներու երազանքը իրականութիւն դարձաւ, ձեր եւ մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներու զօրակցութեան շնորհիւ»:
ՀՕՄի Խնամակալ մարմինի անունով ելոյթ ունեցաւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի վաստակաշատ հայերէնի ուսուչուհի Սոնա Մատարեան, որ հայ դպրոցը հայապահպանման կարեւոր ազդակներէն մէկը նկատելով, իր մեծագոյն գնահատանքը արձանագրեց այն միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը հաւատան դպրոցի առաքելութեան:
Մանաւանդ, ան իր մեծագոյն շնորհակալիքն ու գնահատանքը յայտնեց ծնողներուն, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցին եւ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք մեր ծնողներով, մենք քաջ գիտենք, որ ազգ մըն ենք, որ իրաւունքը չունինք կորսուելու եւ մեր ծնողները այդ հաւատքով եւ համոզումով յանձնած են եւ կը յանձնեն իրենց զաւակները Հայ Օգնութեան Միութեան, որ դար մը ամբողջ եւ աւելի, իր առաքելութիւնը փաստած է մեր գաղութէն ներս, համայնքէն ներս եւ աշխարհով մէկ:
Աշխարհի չորս ծագերուն, ուր ամէնօրեայ դպրոցներ իսկ չկան, կան ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններ եւ այս պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ աշխարհը գոյութիւն ունի, աշխարհը կը տոկայ ամէն ինչի: Հայը տոկացող է»:
Ընկերուհին յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամներուն, «որոնք հաւատացին, գործեցին եւ մասնաճիւղի երազը իրականութիւն դարձուցին»:
Շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պըրպենքի Հանրային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի անդամ Արմոնտ Աղախանեան, որ իր անդամակցած մարմինի եւ Պըրպենք քաղաքի տասնվեց հազար հինգ հարիւր աշակերտներու անունով շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին ու անոր անդամներուն, ծնողներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք եկած են հզօրացնելու այս կեդրոնը եւ պաշտպանելու մեր մշակոյթն ու հայոց լեզուն: Ապա կարեւորելով նման կրթական ծրագիրներու կարեւորութիւնը Պըրպենք քաղաքէն ներս, ան ուրախութեամբ ընդգծեց՝ ըսելով. «Մենք այսօր ունենք այս կեդրոնը եւ մենք մեր ձայնը լսելի ենք դարձնելու եւ ասելու մեր բոլոր ուսանողներին եւ ծնողներին, որ մենք այստեղ ենք, այստեղ պիտի մնանք եւ մեր մշակոյթը աւելի պիտի ուժեղացնենք»:
Այնուհետեւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղը յատկանշող շապիկներով ու հայրենի դրօշը ներկայացնող եռագոյն փողկապներով բեմ ներկայացան վարժարանի 21 աշակերտները, որոնք ինքնավստահութեամբ ու հարազատ հնչիւններով ներկայացուցին հայերէն արտասանութիւններու եւ խմբերգներու փունջ մը, խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները: Անոնք գեղեցկօրէն արտասանեցին ու երգեցին մեր հայրենիքն ու հայոց լեզուն գովերգող մանկական յօդուածներ ու խմբերգներ, մեծապէս յուսադրելով իրենց ծնողներն ու ՀՕՄուհիները: Ներկաները ապշած էին, թէ այս երեխաները, այնքան կարճ միջոցին սորված իրենց գիտելիքները գեղեցկօրէն ներկայացուցին:
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագիրի վերջին բաժինով իր օրհնութիւնները փոխանցեց Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, որ շնորհաւորելով նորաբաց վարժարանի ստեղծումը, գոհունակութիւն յայտեց եւ վստահեցուց, որ ան պիտի ծառայէ իր նպատակին «եւ պիտի հանդիսանայ այն կազմակերպութիւններից մին, որոնք չեն թողնում, որ այս երկիրը դառնայ մեր ազգի ձուլարանը»:
Յայտագիրը վերջ գտաւ «Տէրունական» աղօթքով, որ տիրական եւ ինքնավստահութեամբ աղօթեցին վարժարանի աշակերտները:
Պաշտօնական յայտագիրին յաջորդեց Կաղանդ պապային գալուստը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահէն ներս: Երեխաները պարեցին ու երգեցին Կաղանդ պապային հետ եւ ստացան հայկական մեր աւանդութիւնը յատկանշող չիր ու չամիչի տոպրակները, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Զուարթ մթնոլորտի մէջ ամանորեայ խրախճանքը շարունակուեցաւ մասնաճիւղի պատրաստած հիւրասիրութեան գեղեցիկ սեղանին շուրջ, որ նաեւ եզակի առիթ հանդիսացաւ երեխաներու հետ զրուցելու եւ անոնց ծնողներուն հետ ծանօթանալու: Ներկաները գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ մեկնեցան սրահէն, իրենց զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը յայտնելով մասնաճիւղին, ՀՕՄի հայկական կրթօճախը իրենց զաւակներուն համար բանալու բացառիկ ճիգին համար:
Յայտնենք, թէ Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերի կէսօրին, ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի կրթական յանձնախումբը ունեցաւ իր առաջին ծնողական ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ վարժարանի ուսումնական ծրագիրը եւ կազմուեցաւ այդ ծրագիրը հետապնդող հինգ հոգինոց ծնողական յանձնախումբ մը, հետեւեալ ծնողներէն՝ Կարինէ Ներսէսեան, Քրիսթին Աւետիքեան, Լենա Բաբախանեան, Անէթ Մաշհուր եւ Լուսինէ Սահակեան: Վարժարանի Կրթական յանձնախումբին մօտ վարչութեան կապն է ընկհ. Մարի Պապիկեան: Իսկ վարժարանի կրթական ծրագիրը կ՛իրականացնեն վաստակաշատ ուսուցչուհիներ Փառքուհի Խաչիկեան եւ Անի Բաբիսեան: Վարժարանի դռները բաց են ամբողջ տարուան ընթացքին, որուն դասընթացքները տեղի կ՛ունենան Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 1, Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս, 75 E. Santa Anita Ave., Burbank, CA 91502:
Արձանագրութեան համար կարելի է ներկայանալ կեդրոն նշուած ժամերուն կամ հեռաձայնել ուսուցչուհիներուն (818) 795-3656 կամ (818) 399-9832 թիւերով: